Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպական Միութիւնը Կ’ակնկալէ, Որ Մինսքի Խումբը կը Շարունակէ Գործել

Եւրոպական Միութիւնը Կ’ակնկալէ, Որ Մինսքի Խումբը կը Շարունակէ Գործել

by MassisPost

Եւրոպական միութիւնը կ’ակնկալէ, որ Մինսքի խումբը կը շարունակէ գործել եւ կը սկսի բանակցութիւնները՝ ղարաբաղեան խնդրի տեւական կարգաւորում գտնելու համար, երէկ՝ Դեկտեմբեր 17-ին յայտարարեց Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր յանձնակատար` Ճոզեփ Պորել, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումէն առաջ։ Արա Այվազեան Պրիւքսել մեկնած էր՝ մասնակցելու Եւրոպական միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստին։ «Կը հանդիպինք շատ բարդ՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի եւ յետպատերազմեան խնդիրներու փուլին»,- սկիզբէն արձանագրեց Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց նախարարը` տեղեկացնելով, որ քննարկումներու օրակարգին վրայ եւս հիմնական հարցերը ասոնք պիտի ըլլան:

«Ռուսաստանի առաջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարը, անշուշտ, կանխած է մարդկային կորուստներ, սակայն, անցեալ շաբաթ, դժբախտաբար, մենք երկու կողմէն ալ հաղորդումներ ստացանք հրադադարի խախտման վերաբերեալ։ Զինադադադարի հաստատումը կը մնայ շտապ հրամայական։ Եթէ Եւրոպական միութիւնը կարող է հաշտեցնող, վերակառուցող եւ խաղաղութիւն ամրապնդող դեր ստանձնել` աջակցելով Մինսքի խումբի ջանքերուն, մենք պատրաստ ենք անոր»։

Պորել փաստեց, որ ասոնք միայն խօսքեր չեն․ Պրիւքսելը անցեալ օրերուն արդէն իսկ նմանատիպ քայլ ձեռնարկած է, փորձելով եռակողմ հանդիպում կազմակերպել Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ «Պարզուեցաւ, սակայն, որ այդ հնարաւոր չէ»,- երէկ յայտարարեց Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց նախարարը` չյստակեցնելով, որ երկու կողմերը դէմ եղած են, թէ միայն մէկը, եւ ինչ հիմնաւորմամբ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նոյնպէս այս մասին չխօսեցաւ, բայց օգտագործեց առիթը՝ անգամ մը եւս Պաքուն քննադատելու համար.

«Այս պատերազմով Ատրպէյճանը կոպտօրէն ոտնահարեց միջազգային իրաւունքի նորմերը՝ գործի դնելով իր ուժը Արցախի ժողովրդի ինքորոշման իրաւունքի դէմ, միտումնաւոր թիրախաւորեց քաղաքացիական բնակչութեանն ու կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքները։ Ատրպէյճանը նաեւ պարբերաբար իրագործեց զազրելի պատերազմական յանցագործութիւններ, եւ, տեղահանելով ոչ միայն Արցախի բնիկ ժողովրդին, այլեւ մեր հարուստ կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը, ակնյայտօրէն ի ցոյց դրեց տարածաշրջանից հայերի հազարամեայ ներկայութիւնը ջնջելու՝ իր ցեղասպանական նկրտումները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment