Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գլխաւոր Շտապի Պետ՝ Օնիկ Գասպարեան Կ’այցելէ Արցախ

Գլխաւոր Շտապի Պետ՝ Օնիկ Գասպարեան Կ’այցելէ Արցախ

by MassisPost

«Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ՝ Օնիկ Գասպարեան Արցախ է», այսօր՝ Դեկտեմբեր 17-ի կառավարութեան նիստի մեկնարկին ըսաւ փոխվարչապետ՝ Տիգրան Աւինեան, որ նաեւ կը վարէր նիստը։

Աւինեան նշեց, որ Գասպարեան Արցախ է Խծաբերդի մէջ տեղի ունեցածին եւ այլ հարցերու կապակցութեամբ, տեղւոյն վրայ լուծումները հասկնալու եւ քննարկումներ կատարելու համար։

Փոխվարչապետի հաղորդմամբ, հարցին շուրջ տեղի կ’ունենան խօսակցութիւներ ատրպէյճանական կողմին հետ։ Հաւանական գերիներու տուեալները կը ճշտուին։ «Մօտակայ ժամանակներս ակնկալում ենք հանգուցալուծում», – ըսաւ Աւինեան։

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ երէկ երեկոյեան, տակաւին անյայտ պայմաններով, կորած է կապը Հատրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերու ուղղութեամբ տեղակայուած Արցախի ՊԲ-ի քանի մը մարտական դիրքերու անձնակազմին հետ։ Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Խծաբերդ-Հին Թաղեր հատուածին մէջ կը շարունակուի անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր։

Անդրադառնալով առհասարակ գերիներու փոխանակման խնդրին՝ Աւինեան նշեց, որ շարունակական աշխատանքներ տեղի կ’ունենան գերիներու տուեալներու ճշտման եւ հետագայ փոխանակման քայլերու հետ կապուած եւ այս առումով եւս բանակցութիւններ կ’ընթանան ատրպէյճանական կողմին հետ՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ռուսական կողմի ներգրաւուածութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment