Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սիւնիքի Մէջ Մարդիկ Անվտանգութեան Երաշխիք Կ’ուզեն

Սիւնիքի Մէջ Մարդիկ Անվտանգութեան Երաշխիք Կ’ուզեն

by MassisPost

Սիւնիքի բոլոր խոշորացուած համայնքները այժմ դարձած են սահմանամերձ, իսկ Գորիս – Կապան ճանապարհի 21 քիլոմեթրանոց հատուածը ուղղակի կը գտնուի Ատրպէյճանին տրուող տարածքէն ներս։

Սյունեցիները փակած են Կապան – Գորիս ճանապարհահատուածը:

Մարդիկ անվտանգութեան երաշխիք կ’ուզեն․ – «Այս մայրուղին յայտնւում է վտանգի տակ։ Երաշխաւորուած չի լինելու։ Մենք ի՞նչ իմանանք, թէ էնտեղից դիպուկահարներով չեն խփելու։ Յետոյ ասեն՝ վայ, կը ներէք, պատահական էր․․․»

Հայ-ատրպէյճանական սահմանը զգայուն փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ։ Սիւնիքի շարք մը համայնքներ տարածքներ կը կորսնցնեն։ Շուռնուխ գիւղի տուներու մէկ մասն կ’անցնի Ատրպէյճանին, Արաւուսի հողերը՝ նոյնպէս, Որոտան գիւղէն մինչեւ սահման մէկ մեթր է։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ Սիւնիքի սահմանի որոշ հատուածներու վրայ կը տեղակայուին ռուս սահմանապահներ։ Կապան խոշորացուած համայնքի ղեկավար՝ Գէորգ Փարսեան ըսած է՝ – «Մեծ թւով սահմանապահներ են պէտք, որովհետեւ ռուս սահմանապահների առաքելութիւնը կայանալու է նրանում, որ նրանք ապահովեն ճանապարհների անվտանգութիւնը»։

defense minister syunik

Սահմանային տարածքները զիջելով՝ կը վտանգուի ոչ միայն մայրուղին, ըսած է քաղաքապետը, այլեւ 6 գիւղեր ընդհանրապէս կը զրկուին ճանապարհէն, քանի որ անիկա կ’անցնի Ատրպէյճանին։ Կապան քաղաքն ալ կը դառնայ ուղղակի սահմանապահ՝ սահմանի գիծը բնակելի թաղամասէն մէկ քիլոմեթրի վրայ է։

Գէորգ Փարսեան կը պնդէ, որ յետպատերազմական այս փուլին, երբ թարմ են երկու կողմերու վէրքերն ալ, այդքան մօտիկ չեն կրնար գտնուիլ։ Ան կ’առաջարկէ սպասել քանի մը տարի, վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել եւ յետոյ միայն անցնիլ այս ցաւոտ ճշգրտումներուն։

Քաղաքապետը ողջունած է Ճանապարհը փակած սիւնեցիներուն եւ ըսած թէ համարեցէք ես ալ այնտեղ եմ։

Այնտեղ էր Սիւնիքի մարզպետ՝ Մելիքսէթ Պօղոսեանը․ – «Ես ձեր հետ եմ։ Եթէ կռւում ենք՝ միասին կռւում ենք, եթէ բողոքում ենք՝ միասին բողոքում ենք, եթէ ապրում ենք՝ միասին ապրում ենք, եթէ մեռնում ենք՝ բոլորս միասին մեռնում ենք»։

Մարզպետ Պօղոսեան ազատամարտիկ է, մարզպետ նշանակուած է տաս օր առաջ։ Բողոքող սիւնեցիներուն հետ համաձայնած էր, առաջարկած էր նստիլ, քննարկել, հարցեր տալ պատասխանատուներուն։

Այսօր Սիւնիք է Պաշտպանութեան նախարարը՝ հետեւելու մարտական նոր յենակէտերու կառուցման։ Տեղացիները ահազանգած էին, որ այսպէս ողջ Սիւնիքը մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է։ Անոնք առաւօտեան լսած էին Տարածքային կառավարման նախարարի խօսքը կառավարութեան նիստին։

«Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները, բնականաբար, ամուր եւ մեր Զինուած ուժերի կողմից վերահսկելի է», – վստահեցուցած էր Սուրէն Պապիկեան։

Հիմա մեր սահմանները պաշտպանուա՞ծ են, կը հարցնէին սիւնեցիները իրենց մարզպետին։ Սիւնիքի մարզպետը ըսած էր, – «Ով որ պատրաստ չի Սիւնիքի մի մեթր հողի համար կեանքը տալու, նա շատ տղայ ա»։

Խորհրդային Միութեան ղեկավարներու որոշմամբ 1929 թուականին Սիւնիքէն 21 գիւղ յանձնուած է այդ ժամանակ եղբայրական Ատրպէյճանին։ 90-ականներուն հայկական ուժերը տարածքները ազատագրած են, եւ այժմ սահմանային այս ճշտումները կը կատարուին խորհրդային քարտէզով։

Երէկ, «Ազատութիւն»-ին տուած հարցազրոյցին Նիկոլ Փաշինեան շեշտած էր- «Այդ սահմանները ճշգրտում են խորհրդային ժամանակներում գոյութիւն ունեցած եւ այդ ժամանակներից գոյութիւն ունեցող քարտէզների հիման վրայ, իսկ Ջի-Փի-Էս սարքերը օգտագործւում են քարտէզի վրայ նշուած  կէտերը ճշգրիտ տեղանշելու համար»։

Սիւնեցիները կը պահանջեն անվտանգութեան գօտի՝ գոնէ մինչեւ հինգ քիլոմեթրնոց, կը յիշեցնեն, որ Խորհրդային Միութեան եղբայրական Ատրպէյճանը չէ քանի մը մեթր այն կողմ․ – «Ինչու մեր պետական այրերը չեն գալիս ժողովրդին կառավարեն, իւրաքանչիւրին իրա տեղը ցոյց տան։ Ուղղութիւն տան, որ մենք էլ կարողանանք մեր կեանքը առաջ տանել»։

Սիւնիքի սահմաններու ճշտգրտման հարցին այսօր անդրադարձած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։ Ըստ Թաթոյեանի, սահմանի գիւղերու բնակիչներու զայրոյթն ու անհանգստութիւնը ունի հիմքեր, քանի որ խօսքը անոնց ֆիզիքական անվտանգութեան մասին է։ «Կառավարութիւնը պարտաւոր է հանրութեանը, սահմանային բնակավայրերի բնակիչներին տրամադրել պատշաճ բացատրութիւններ։ Սա քաղաքացիների Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքն է: Դա ապահովելու ուղիղ պարտաւորութիւն կրում է պետութիւնը եւ վերջ:», – գրած է Թաթոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment