Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ Human Rights Watch-Ի` «Ատրպէյճանի Կողմէ Ղազանչեցոցի Հրթիռակոծութիւնը Կանխամտածուած Բնոյթ Կրած Է »

Ըստ Human Rights Watch-Ի` «Ատրպէյճանի Կողմէ Ղազանչեցոցի Հրթիռակոծութիւնը Կանխամտածուած Բնոյթ Կրած Է »

by MassisPost

Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը պնդէ, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հոկտեմբեր 8-ին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին երկու անգամն ալ հրթիռակոծած են մտածուած կերպով՝ խախտելով պատերազմի վարման միջազգային կանոնները։ «Ըստ ամենայնի, կարեւոր մշակութային նշանակութիւն ունեցող այս եկեղեցին մտածուած կերպով որպէս թիրախ ընտրուած էր, չնայած այն հանգամանքին, որ շինութեան՝ ռազմական նպատակներով օգտագործման որեւէ ապացոյց չկայ», – նշուած է կազմակերպութեան կողմէն այսօր՝ Դեկտեմբեր 16-ի հրապարակուած զեկոյցով։

«Եկեղեցւոյ հասցուած երկու հարուածները, որոնցմէ երկրորդը կատարուեցաւ այն պահուն, երբ այնտեղ քաղաքացիական անձինք եւ լրագրողներ հաւաքուած էին, դիտաւորեալ բնոյթ կը կրէին», – նշած է Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն՝ Հիւ Վիլամսընը։ Անոր խօսքով. «Այս յարձակումները պէտք է անաչառ քննութեան առարկայ դառնան, իսկ հեղինակները ենթարկուին պատասխանատւութեան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment