Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան Ժամանեցին Ատրպէյճան Գերեվարուած 44 Հայ Գերիներ

Երեւան Ժամանեցին Ատրպէյճան Գերեվարուած 44 Հայ Գերիներ

by MassisPost

Երկուշաբթի՝ Դեկտեմբեր 14-ի ուշ երեկոյեան Երեւան ժամանեցին Ատրպէյճան գերեվարուած 44 հայ գերիներ։ «Էրեբունի» օդակայանին մէջ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետ՝ Տիգրան Աւինեանի հետ զիրենք կը դիմաւորէին նաեւ հարազատները։ Անոնք սրտատրոփ կը սպասէին, որ պիտի լսեն իրենց որդիներու, հայրերու եւ ամուսիններու անունները։ Հաւաքուածներու միակ ցանկութիւնն էր՝ օր, ժամ, րոպէ առաջ իրենց հարազատները հասնին տուն։

«Քիչ առաջ կարդացին իմ եղբօր անունը, որի համար շատ ուրախ եմ, չեմ կարող բացատրել ուղղակի։ Ամսի 3-ից եղբօրիցս լուր չունէի, ամսի 22-ից արդէն լուսանկարը տեսել ենք, որ յայտնուել է գերութեան մէջ», – օդակայանը ըսած է վերադարձող գերիներէն մէկու եղբայրը։

Օդակայանը գտնուող կիներէն մէկը որդին կը սպասէր։ «Թող բոլորիս աչքը լոյս լինի, շնորհակալ եմ բոլորից, ով որ աղօթել ա մեր գերիների համար, բոլոր մայրերից շատ շնորհակալ եմ, յուզմունքից չեմ կարողանում արտայայտել իմ ուրախութիւնը», – «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է կինը։

Դիմաւորումէն յետոյ Արցախի նախագահը կարճատեւ հանդիպում ունեցած է վերադարձած գերիներուն հետ։ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ անոնց վերադարձի երկարատեւ սպասումները այսուհետեւ պէտք է վերածուին շուտափոյթ ապաքինման ու հանրային կեանքին ներգրաւման գործընթացքի, որու համար Արցախի իշխանութիւններու անունով յայտնած է բոլոր ջանքերը ներդնելու պատրաստակամութիւն:

«Վերահաստատում եմ, որ անյայտ կորած մեր բոլոր հայրենակիցների ճակատագրերի պարզումը, զոհուածների մարմինները գտնելն ու հարազատներին փոխանցելը շարունակում է մնալ մեր օրակարգի ամենահրատապ հարցը», – ըսած է Արցախի նախագահը:

Դեկտեմբեր 14-ին, ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է գերիներու փոխանակման գործընթացք. Ատրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուեցան պաշտօնապէս հաստատուած այն 44 հայ գերիները, որոնց գերեվարուած ըլլալու փաստը հաստատուած է Ատրպէյճանի եւ Կարմիր խաչի կողմէ։ Անհետ կորած եւ հնարաւոր գերեվարուած միւս անձերու յայտնաբերման ու անոնց վերադարձի կազմակերպման գործընթացքը կը շարունակուի։

Հայաստանը  Ատրպէյճանին փոխանցած է 12 գերիներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment