Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Եւ Եւրոպա Նոր Պատժամիջոցներ Կը Հաստատեն Թուրքիոյ Դէմ

ԱՄՆ Եւ Եւրոպա Նոր Պատժամիջոցներ Կը Հաստատեն Թուրքիոյ Դէմ

by MassisPost

Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ նկատմամբ` ռուսական արտադրութեան C-400 հակահրթիռային համակարգերու ձեռքբերման պատճառով: Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութիւնը այս մասին յայտարարեց Երկուշաբթի՝ Դեկտեմբեր 14-ի ուշ երեկոյեան՝ ընդգծելով, որ պատժամիջոցները անհատական բնոյթ կը կրեն: Անոնց թիրախն են Թուրքիոյ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան տնօրէն՝ Իսմայիլ Տեմիրը եւ անոր երեք ենթակաները:

Պատժամիջոցներու կիրառման առթիւ պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն աւելցուց. – «Հակառակ մեր նախազգուշացումներուն՝ Թուրքիան Ռուսաստանէն գնեց եւ փորձարկեց C-400 համակարգերը: Մենք չենք կրնար հանդուրժել որեւէ մեծածաւալ ձեռքբերում, որ կատարուած է Ռուսաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրէն»:
Ասոր հետ մէկտեղ, պետական քարտուղարը յատուկ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները հակուած է շարունակելու ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութիւնը Անգարայի հետ:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները եւս որոշում կայացուցած են ընդլայնելու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները՝ ի պատասխան Միջերկրական ծովի մէջ Անգարայի գործողութիւններուն:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է դաշինքի եւ անդամ երկիրներու շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման: Այդ կապակցութեամբ գագաթնաժողովը Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կը յանձնարարէ լրացուցիչ սեւ ցուցակ կազմել Միջերկրական ծովի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւններու կապակցութեամբ», – ըսուած է այս առթիւ հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ:

Յայտարարութիւնը կ’ընդգծէ, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր միակողմանի եւ սադրիչ գործողութիւնները, կոշտացուցած է հռետորաբանութիւնը Եւրոպական Միութեան, դաշինքի անդամներու եւ եւրոպացի առաջնորդներուն դէմ:

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր Եւրոպական միութեան քայլերը որակած է «կողմնակալ եւ ապօրինի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment