Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստան» Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերստին շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք սատար կանգնեցան ու կը շարունակեն կանգնիլ հայրենիքին այս ծանր օրերուն։ Խօսքը թէ՛ Սեպտեմբեր 27-ին մեկնարկած համազգային դրամահաւաքի եւ թէ՛ Նոյեմբեր 26-ին Գոհաբանութեան օրը կայացած տարեկան հեռատեսիլային մարաթոնի մասին է, որու ընթացքին հաւաքագրուեցաւ շուրջ 23 միլիոն ԱՄՆ տոլար։

Միեւնոյն ժամանակ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք սփիւռքի այն բոլոր կազմակերպութիւններուն, նախաձեռնութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք համազգային դրամահաւաքին միացան այլընտրանքային արշաւներով, որոնց ընթացքին հաւաքագրուած գումարները փոխանցուեցան հիմնադրամի ցանցին։

Այդպիսի նախաձեռնութիւններուն կարգին էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի, OneArmenia-ի, Armenia Aid-ի  եւ այլոց կազմակերպած դրամահաւաքները, որոնց տեխնիկական ու բովանդակային կազմակերպման «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ոչ մէկ ներգրաւուածութիւն չէ ունեցած։ Օրինակ, Հոկտեմբեր 10-ին, Armenia Aid անունը կրող դրամահաւաքի կազմակերպիչները կապի մէջ եղած են միմիայն Լոս Անճըլըս տեղակայուած Armenia Fund Inc.-ի հետ, որ ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած շահոյթ չհետապնդող հիմնադրամի ցանցէն ներս ներգրաւուած համագործակից կազմակերպութիւն է Արեւմտեան ափին մէջ:

Այդ դրամահաւաքի ընթացքին հաւաքագրուած գումարները Armenia Fund Inc.-ի կողմէն մաս մաս, ըստ փաստացի մուտքերու, հաղորդուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ աստիճանաբար աւելցուած դրամահաւաքի ընդհանուր թիւին: Ինչ կը վերաբերի Armenia Fund Inc.-ի կողմէ մուտքագրուած անկանխիկ եւ կանխիկ մուտքերուն, ապա Armenia Fund Inc.-ն իր կայքով հրապարակուած «Յաճախ տրուող հարցեր»-ու պատասխաններով մանրամասնած է նուիրատւութիւններու մուտքագրման գործընթացքը եւ հաւաստիացուցած, որ բոլոր նուիրատւութիւնները պաշտօնապէս ճանաչուած են, իսկ նուիրատուները ստացած են հաւաստիացման ու շնորհակալական նամակներ: Այս եւ Նոյեմբեր 26-ին տեղի ունեցած հեռատեսիլային մարաթոնի վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները կարող էք տեսնել հետեւեալ յղումով՝ https://www.armeniafund.org/newsroom/frequently-asked-questions/:

Վերստին անդրադառնալով պատերազմի թէժ օրերուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուած գումարներուն, կը վերահաստատենք, որ այդ գումարներու վերաբերեալ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդն  առցանց քուէարկութեամբ կայացուցած է համապատասխան որոշումներ, որոնք հրապարակուած են հիմնադրամի կայքը հետեւեալ յղումով՝ https://www.himnadram.org/hy/1606218447: Ինչ կը վերաբերի այդ գումարներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրաբերելու հիմքերուն, անոնք յստակօրէն ձեւակերպուած են Հիմնադրամի վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին տրուած բազմաթիւ պարզաբանումներով https://www.himnadram.org/hy/1606218447  ինչպէս նաեւ ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան կողմէ 24.11.2020 թուականին կատարուած յայտարարութեամբ https://bit.ly/3nkE0j2:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment