Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անհրաժեշտ Է Մինսքի Խումբի Ձեւաչափով Ղարաբաղեան Բանակցութիւններու Վերականգնումը. Փաշինեան

Անհրաժեշտ Է Մինսքի Խումբի Ձեւաչափով Ղարաբաղեան Բանակցութիւններու Վերականգնումը. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստան անհրաժեշտ կը համարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով ղարաբաղեան բանակցութիւններու վերականգնումը, հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման նպատակով, այսօր՝ Դեկտեմբեր 14-ին, Երեւանի մէջ ընդունելով համանախագահները, յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, այս համանախագահներու առաջին այցելութիւնն է տարածաշրջան։

Կառավարութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդմամբ` «վարչապետը որպէս առաջնահերթութիւն ընդգծել է Արցախի կարգավիճակի յստակեցումը՝ հաշուի առնելով արցախցիների ինքնորոշման իրաւունքի իրացման սկզբունքի կարեւորութիւնը, Արցախի՝ Ատրպէյճանի կողմից գրաւուած տարածքներու ազատագրումը, արցախահայութեան՝ սեփական բնակավայրեր անվտանգ վերադարձի համար պայմանների ապահովումը, կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը»:

Փաշինեան նաեւ դատապարտած է եռակողմ յայտարարութեան խախտումը Ատրպէյճանի կողմէն Դեկտեմբեր 11-12-ին, արցախա-ատրպէյճանական շփման գծին վրայ:

Կառավարութեան շէնքէն դուրս ելած ժամանակ, հարցեր ուղղուեցան ֆրանսացի համանախագահ՝ Սթեֆան Վիսքոնթիին՝ արդեօք գործ ունի՞նք ռուս-թրքական պայմանաւորուածութեան հետ, ինչի հետեւանքով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը դուրս մղուեցաւ գործընթացէն, եւ արդեօք կը քննարկուի՞ Արցախի կարգավիճակի հարցը, սակայն դիւանագէտը հրաժարեցաւ պատասխանելէ հարցերուն, միայն տեղեկացնելով, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը յայտարարութիւն պիտի տարածէ տարածաշրջանային այցի որպէս արդիւնք։

Ի դէպ, երէկ Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, եւ այսօր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումներու ընթացքին կը բացակայէր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ՝ Իկոր Փոփովը։ Պաքուի մէջ զինք կը փոխարինէր Ատրպէյճանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան՝ Միխայիլ Պոչարնիքովը, իսկ Երեւան՝ Ռուսաստանի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար՝ Ալեքսեյ Սինեկուպովը։

Ինչպէս յայտնի է, Ալիեւ բաւական սառ ընդունած էր համանախագահները՝ յայտարարելով, որ անոնց այցը Պաքու իրենց սեփական նախաձեռնութիւնն է, ինքը զիրենք չէ հրաւիրած եւ որ Ատրպէյճան ղարաբաղեան խնդիրը լուծած է ռազմական ճանապարհով, իսկ Մինսքի խումբը ոչինչ ըրած է անցեալ 28 տարիներու ընթացքին։

Այսօր կէսօրէն առաջ համանախագահները ընդունած էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեանը, եւ գերատեսչութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդմամբ՝ նախարարը ներկայացուցած է հայկական կողմի առաջնահերթութիւնները՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ Արցախի կարգավիճակի հաստատումը, Ատրպէյճանի կողմէն գրաւուած Արցախի տարածքներու ազատագրումը, արցախահայութեան՝ սեփական բնակավայրեր անվտանգ վերադարձի համար պայմաններու ապահովումը եւ կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment