Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչո՞ւ եւ Արդեօ՞ք

Ինչո՞ւ եւ Արդեօ՞ք

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Արցախեան այս վերջին պատերազմը բոլորիս մտքերուն մէջ ծնունդ տոաւ շատ մը ինչո՞ւներու, որոնց հաւանական (արդեօ՞ք) պատասխաններուն մէկ մասը ունինք իսկ մնացեալներն ալ կրնան բացայայտուիլ մօտիկ թէ հեռաւոր ապագային: Մինչ այդ, մեր ընթերցողներուն կը ներակայացնենք մեր մտքով անցած ինչո՞ւները եւ անոնց հաւանական պատասխան արդեօ՞քները:

Սկսինք «վերէն»՝ մեր կաթողիկոսներէն:

Ինչո՞ւ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. փոխանակ իրենց յայտարարութիւնները  սահմանափակելու ժողովուրդին ուղղուած սթափութեան եւ համերաշխութեան հրաւիրող հայրական յորդորներով, եկեղեցին մտցուցին քաղաքական դաշտ՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջով եւ իրենց յայտարարութիւնները  «համընկնեցնելով» հրապարակի 16-17 կուսակցութիւններու տուած վերջնագրի թուականին: Արդեօ՞ք անոր համար, որ առաջինը պարտաւորուեցաւ  նախկինները ներկայացնող այդ 16-17-ին տուրք մատուցելու, իսկ երկրորդն ալ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

Ինչո՞ւ զոյգ կաթողիկոսները ամբողջ 20 տարի լուր մնացին Հայաստանի մէջ տիրող մենատիրութեան արհաւիրքներուն, քաղաքական սպաննութեանց, ընտրական կեղծիքներուն, օրէնքի ահաւոր խախտումներուն,  երկրի հարստութեան զաւթումին, եւայլն: Արդեօ՞ք անոր համար, որ իրենց ալ  շահաբաժին կը հասնէր այդ կողոպուտէն:

Ինչո՞ւ համար պաղ պատերազմի քաղաքական նպատակներով երկփեղկուած մեր եկեղեցին չմիաւորուեցաւ  անոր չքացումով: Արդեօ՞ք դարձեալ նիւթական շահի նպատակներով: Ի դէպ, եթէ իսկապէս ազգային շահ կը դաւանինք, Հայաստանի անկախացումը ի՜նչ լաւ առիթ էր օտարի ձեռքով բաժնուածը մեր ձեռքով միաւորելու: Այսպիսով վերացուցած կ’ըլլայինք Կիլիկիայէն շա՜տ հեռու կարգ մը երկիրներու եւ քաղաքներու մէջի զոյգ առաջնորդարաներու խայտառակութիւնը եւ յաւելորդ եկեղեցիներու վաճառքի եկամուտով նպաստած կ’ըլլայինք Սփիւռքի եւ Հայաստանի հզօրացման:

Իջնենք «վար»՝ պարզ մահկանացուներուս մակարդակին:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ն չեն ուզէր սահմանադրական միջոցներով հասնիլ իշխանափոխութեան, այլ՝ վերջնագիրերով եւ յեղաշրջումով: Արդեօ՞ք անոր համար, որ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրառումը իրենց հաշուին չգար:

Ինչո՞ւ համար 20 տարի հայրենիքը աւազակապետութեան վերածողները, որոշեցին ստեղծել «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ը: Արդեօ՞ք փրկելու համար իրենց եկամուտի աղբիւրները:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ին առաջադրած թեկնածուն՝ Վազգէն Մանուկեանը բազում հարցականներու առիթ կու տայ, նախ սպառնալով, որ «գազազած ժողովուրդը կը յօշոտէ» Փաշինեանին, ապա յայտարարելով որ «մենք չենք ուզում ցնցումներ»: Կամ՝ յայտարարելով, որ «մենք չենք հաշտուի Եռակողմ յայտարարութեան հետ», ապա աւելցնելով, «մենք չենք կարող հրաժարուել դրանից»: Արդեօ՞ք յապաղումով կ’անդրադառնայ, որ ժողովրդավարական սկզբունքներով առաջնորդուող երկրի մը մէջ, նախատինքի համազօր է նոյն ժողովուրդը նմանցնել վայրի կենդանիներու,  ու կը փորձէ քօղարկել իր մտածելակերպը, մեղքը քաւելու չքմեղանքի փորձներով:

Ինչո՞ւ համար կարելի չէ հաւատք ընծայել 16-17-ի մաս կազմող ՀՅԴ-ի ԳՄ անդամ Իշխան Սաղաթելեանի համահայկականութեան, համերաշխութեան, արժանապատուութեան, հզոր պետականութեան, հայրենիքի փրկութեան, ազատ արդար ընտրութիւններու կայացման քարոզներուն:  Արդեօ՞ք անոր համար, որ ամբողջ 20 տարի իշխանութեան մաս կազմելով, այդ խօսքերուն հակառակ գործունէութիւն ունեցան:

Ինչո՞ւ համար մի քանի վերջնագիրներ տուած եւ արդիւնքի չհասած 16-17-ի մաս կազմող «Հայրենիք» նորաստեղծ կուսակցութեան հիմնադիր՝ Արթուր Վանեցեանի նոր կարգախօսը՝ «Ամանորը առանց Նիկոլի» կը «մտահոգէ» մեզ: Արդեօ՞ք անոր համար, որ զոյգ կաթողիկոսները այդ ալ կրնան ընդգրկել իրենց հայրական աղօթքներուն մէջ:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ի հրապարակային հաւաստիացումները, որ Նիկոլը պէտք է հեռանայ, բայց նախկինները (իմա՝ իրենք) չեն վերադառնար, որեւէ արժէք չեն ներկայացնէր: Արդեօ՞ք անոր համար, որ ժողովուրդը կը գիտակցի այդ 16-17-ի եւ անոնց առաջ մղողներու իսկութեան:

Ինչո՞ւ համար 16-17-ի մաս կազմող ԲՀԿ-ի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի մեծ շռինթով ճակատ մեկնելու կազմած խումբը այդպէս ալ ճակատ չհասաւ: Արդեօ՞ք ճամբան կորսնցուցին:

Ինչո՞ւ համար պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, ըստ հաւաստի լուրերու, կարգ մը հրամանատարներ դիմեցին դասալքութեան, մինչ իրենց զինուորները առիաբար կը պայքարէին: Մինչեւ իսկ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց անվտանգութեան զօրայիններու ճակատ մեկնելու մերժման մասին: Արդեօ՞ք այս արարքներուն դրդապատճառները պիտի բացայայտուին շուտով:

Ինչո՞ւ համար հակառակ տարիներէ ի վեր համաձայնուած ըլլալուն, որ պիտի յանձնենք 7 շրջանները, լրջօրէն չլծուեցանք գէթ Արցախի պաշտպանական գիծերու ամրապնդման: Արդեօ՞քի հարց չկրնար ըլլալ այս պարագային, երբ բացայայտ դաւաճանութիւն է կատարուածը:

Ինչո՞ւ համար անցած ըլլալով հանդերձ 1998-ի եւ անոր հետեւանք Հոկտեմբեր 27-ի ճանապարհէն, դարձեալ կ’ընթանանք նոյն ուղիով: Արդեօ՞ք մեր մէջ այդքա՜ն արմատացած է օտարին գործիք դառնալով հատուածական շահ հետապնդելու հոգեբանութիւնը:

Առայժմ այսքանով բաւարարուինք, հակառակ անոր, որ կարելի է ինչո՞ւներու շարքը երկարել Հայաստանի ու Արցախի սպառազինութեան, անվտանգութեան, տնտեսութեան, եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ:

Ելլենք Հայաստանէն դուրս:

Ինչո՞ւ համար Արեւմուտքի ժողովրդավար երկիրները եւ իրենց Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանները ծպտուն չհանեցին Ազերի զինուորներուն կողմէ կատարուած անմարդկային գլխատումներուն մասին, ԲԱՑԻ իրենց թիրախ հանդիսացող Իրանէն:  Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար տարիներու լռութիւնէ ետք ԵԱՀԿ, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ այլ պետութիւններ հիմա սկսան խօսիլ Արցախի անկախութեան ճանաչման մասին: Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար Ազրպէյճան խախտեց պատերազմի ընթացքին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ առաջարկուած եւ համաձայնեցուած հրադադարները: Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար Ռուսիան Հայաստանի խեղճացման ճանապարհով իր ոտքը հաստատեց Ազրպէյճանի մէջ: Արդեօ՞ք …

Ինչո՞ւ համար պատերազմի նախօրեակին եւ ընթացքին, Հայաստանի եւ նոյնիսկ յաղթական արշաւ տանող Ազրպէյճանի մէջ, եղան բարձրաստիճան ռուսամէտ ղեկավարներու պաշտոնազրկումներ: Արդեօ՞ք …

Հաւանաբար մեր ընթերցողներու մտքերուն մէջ ալ ծագեցան շատ մը ինչո՞ւներ եւ արդեօ՞քներ, որոնք բացայայտման եւ լուսաբանման կը կարօտին: Վստահաբար մեր ընթերցողները կը գիտակցին, որ այդ գործընթացին պէտք է լծուիլ միայն աննախապաշար եւ զգաստ մտքով, ոչ թէ ժողովուրդը «գազազեցնելով»: Միայն այդպէս կրնանք գտնել այս տագնապէն դուրս գալու ամենէն նպաստաւոր ուղիները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment