Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահը Այցելած Է Ազգային Ժողով Եւ Հանդիպած Արարատ Միրզոյեանին

Նախագահը Այցելած Է Ազգային Ժողով Եւ Հանդիպած Արարատ Միրզոյեանին

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան այսօր՝ Դեկեմբեր 10-ին այցելած է Ազգային ժողով եւ հանդիպում ունեցած ԱԺ նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Ըստ նախագահի գրասենեակին, նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս առողջութիւն մաղթած է ԱԺ նախագահին՝ կրկին խստօրէն դատապարտելով անոր նկատմամբ կատարուածը եւ անթոյլատրելի համարած բռնութեան որեւէ դրսեւորում:

Նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ յատկապէս մեր երկրի ու ժողովուրդի համար այս բարդ իրավիճակին մէջ, գերիշխող պէտք է ըլլան բարձր պատասխանատւութիւնն ու զսպուածութիւնը եւ բացառուին անհանդուրժողականութեան եւ բռնութեան կոչերն ու գործողութիւնները:

Հանդիպման, նախագահ՝ Սարգսեանն ու ԱԺ նախագահը մտքեր փոխանակած են երկրին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին շուրջ եւ խօսած հանգուցալուծման հնարաւոր ճանապարհներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment