Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոպական Միութիւնը Կ’ընդլայնէ Պատժամիջոցները Թուրքիոյ Դէմ

Եւրոպական Միութիւնը Կ’ընդլայնէ Պատժամիջոցները Թուրքիոյ Դէմ

by MassisPost

Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները որոշում կայացուցած են ընդլայնելու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները՝ ի պատասխան Միջերկրական ծովի մէջ Անգարայի գործողութիւններուն։ Այս մասին ըսուած է Պրիւքսելի մէջ երէկ՝ Դեկտեմբեր 10-ին մեկնարկած Եւրոպական միութեան երկօրեայ գագաթնաժողովի մասնակիցներու համատեղ յայտարարութեամբ։

«Եւրոպական միութիւնը հաւատարիմ է դաշինքի եւ անդամ երկիրներու շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման։ Այդ կապակցութեամբ գագաթնաժողովը Եւրոպական միութեան խորհուրդին կը յանձնարարէ լրացուցիչ սեւ ցուցակ կազմել Միջերկրական ծովի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւններու կապակցութեամբ», – ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Դաշինքի անդամ երկիրներու առաջնորդները նաեւ Եւրոպական միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար՝ Ժոզեփ Պորելին յանձնարարած են յաջորդ տարուայ Մարտին նախատեսուած գագաթնաժողովին ներկայացնել Անգարայի դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնման այլ տարբերակներ։

Յայտարարութիւնը կ’ընդգծէ, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր միակողմանի եւ սադրիչ գործողութիւնները, կոշտացուցած է հռետորաբանութիւնը Եւրոպական միութեան, դաշինքի անդամներու եւ եւրոպացի առաջնորդներուն դէմ։

Տասնամեակներ շարունակ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան ձգտող Թուրքիոյ հետ, ինչպէս փաստաթղթին մէջ ընդգծած են եւրոպացի առաջնորդները, Միութիւնը ռազմավարական շահեր եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ունի, հետեւաբար կարեւոր է այդ երկրի հետ հաղորդակցութեան խողովակներու պահպանումը։

Ուրբաթ օր՝Դեկտեմբեր 11-ին ընդունուած այս յայտարարութիւնը ըստ էութեան կը վկայէ, որ Եւրոպական միութեան առաջնորդները համաձայնութեան չեն հասած քննարկուող տարբերակներուն շուրջ կամ յետաձգած են զանոնք․ խօսքը՝ Թուրքիոյ դէմ զէնքի սահմանափակումի կամ թրքական տնտեսութեան խոշոր ոլորտներու դէմ առաւել ընդարձակ պատժամիջոցներու մասին է։

Այդուհանդերձ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր Եւրոպական միութեան քայլերը որակած է «կողմնակալ եւ ապօրինի»։

Պրիւքսելի մէջ ընդունուած որոշումներուն զուգահեռ, ամերիկեան իշխանութիւնները եւս կը պատրաստուին պատժամիջոցներ սահմանել դաշնակից Թուրքիոյ դէմ ռուսաստանեան հակահրթիռային համակարգեր ձեռք բերելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment