Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախէն Հայաստան Ապօրինի Զէնք-Զինամթերք Տեղափոխելու Առթիւ 50 Քրէական Գործ Կը Քննուի

Արցախէն Հայաստան Ապօրինի Զէնք-Զինամթերք Տեղափոխելու Առթիւ 50 Քրէական Գործ Կը Քննուի

by MassisPost

Արցախէն ապօրինի զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխելու եւ իրացնելու առթիւ 50 քրէական գործ կը քննուի, 12 անձի մեղադրանք առաջադրուած է, կը յայտնէ Գլխաւոր դատախազութիւնը:

Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1-ի ժամանակամիջոցին, ըստ դատախազութեան, արձանագրուած է Արցախի պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններով պայմանաւորուած ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, փոխադրելու կամ կրելու 163 դէպք: Անոնցմէ 50-ի առթիւ յարուցուած են քրէական գործեր՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 235-րդ (զինամթերքի, ռազմական մեքենաներու, զանգուածային ոչնչացման զէնք կամ անոր փոխադրման հրթիռային համակարգեր ստեղծելու համար օգտագործուող այլ նիւթերու կամ սարքաւորումներու, միջուկային, քիմիական, կենսաբանական կամ զանգուածային ոչնչացման այլ զէնքի կամ երկակի նշանակութեան ապրանքներու, ռազմավարական տեսակէտով կարեւոր հումքային ապրանքներու կամ մշակութային արժէքներու մաքսանենգութիւնը) յօդուածի տարբեր մասերու յատկանիշներով:

Բոլոր քրէական գործերը Դեկտեմբեր 1-ի դրութեամբ գտնուած են նախաքննութեան փուլ: Դեկտեմբեր 1-ի դրութեամբ 52 դէպքով նիւթերու նախապատրաստումը շարունակուած է:

Համաձայն հաղորդագրութեան, նիւթերու ուսումնասիրութենէն հետեւցուցած են, որ զէնքերը, ռազմամթերքը, պայթուցիկ նիւթերը կամ սարքերը ձեռք բերուած են Արցախի պաշտպանական տարբեր շրջաններէն եւ նախատեսուած եղած են կամ օգտագործուած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին թշնամիի դէմ կիրառելու համար: Թաքցուելով հիմնականօրէն Արցախէն մեկնող ինքնաշարժներուն մէջ՝ զէնք-զինամթերքը (մեծամասնութեամբ հրազէն հանդիսացող «ԱԿ» տեսակի ինքնաձիգներ, ռազմամթերք հանդիսացող տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ, պայթուցիկ սարք հանդիսացող նռնակներ, սառ զէնք հանդիսացող սուին-դանակներ) ապօրինի կերպով տեղափոխուած կամ փորձ եղած է տեղափոխելու Հայաստան` յատուկ պարագաներուն խումբի կազմի քանի մը անձանց նախնական համաձայնութեամբ եւ գործակցութեամբ: Այդ զէնք-զինամթերքի զգալի մասը յայտնաբերուած են Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհի տարբեր հատուածներուն, ծառայութիւն կատարող համապատասխան իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն կողմէ՝ ինքնաշարժներու զննութեամբ, ինչպէս նաեւ անմիջական հետախուզական միջոցառումներու հետեւանքով:

Դեկտեմբեր 1-ի դրութեամբ քննուող նշուած քրէական գործերով 12 անձ ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ՝ Քրէական օրէնսգրքի 235-րդ յօդուածի տարբեր մասերով նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու համար: Անոնցմէ 6-ին նկատմամբ, որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը (1-ի նկատմամբ կալանաւորումը հետագային վերացուած է ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէն), 3-ի նկատմամբ՝ չհեռանալու մասին ստորագրութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment