Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի Յայտարարութիւնը

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Արցախի 44 օրուան պատերազմի վաղորդայնին Հայաստանի նախկին  ռեժիմի հրապարակ իջնելն ու բռնի ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձերը  սկսած են մտահոգութիւն յառաջացնել սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ:

Այս օրերուն, երբ մեր ազգը կը գտնուի դժուարին պայմաններու տակ ու անոր առջեւ ծառացած են բազմաթիւ խնդիրներ,  փոխանակ համագործակցութեան կոչեր հնչեցնելու, աթոռամոլական  շիլ հաշիւներէ տարուած  բոլորիս ծանօթ ուժերը իրենց հրապարակային ամբոխավարական ելոյթներով ու վտանգաւոր գործողութիւններով երկիրը կը տանին ապակայունացման, յոյս ունենալով  շրջելու պատմութեան անիւը ու Հայաստանը վերադարձնելու տասնամեակներու փտած  վարչակարգի օրերուն:

Այս առթիւ մտահոգիչ կը գտնենք նաեւ սփիւռքահայ որոշ քաղաքական եւ ոչ քաղաքական կազմակերպութիւններու կողմէ հնչող կոչերը, որոնք ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն Հայրենիքի շահերուն, եւ ընդհակառակը պատճառ կը դառնան  համայնքէն ներս պառակտումի յառաջացման, մեզ  վերադարձնելով անցեալի ոչ  ցանկալի իրավիճակներուն, որմէ պէտք է խուսափինք  բոլորս: Սփիւռքը բազմերանգ մտածողութիւններու խճանկար մըն է եւ որեւէ  կազմակերպութիւն չի կրնար արտայայտել  ամբողջ համայնքի տեսակէտը:

Հայաստանի վարչապետի հարցը պիտի ճշդուի բացառապէս երկրի քաղաքացիներու մեծամասնութեան կամքով՝ Սահմանադրութեան շրջանակներէն ներս ու ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցաւ: Մենք որպէս սփիւռքեան կառոյցներ պարտաւոր ենք  զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ժողովուրդին՝ Հայրենիքը դուրս բերելու համար այսօրուայ դժուարին իրավիճակներէն:

Առ այդ, կոչ կ°ուղղենք համայնքի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն որեւէ ձեւով չնպաստել Հայաստանէն ներս իրավիճակի  վատթարացման եւ պառակտումին խորացման, որմէ պիտի տուժենք բոլորս:

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Դեկտեմբեր 8, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment