Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Խորհրդարանը Ընդունեց Ղարաբաղի Անկախութիւնը Ճանչնալու Բանաձեւ

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Ընդունեց Ղարաբաղի Անկախութիւնը Ճանչնալու Բանաձեւ

by MassisPost

Ֆրանսայի խորհրդարանը այսօր՝ Դեկեմբեր 3-ին ընդունեց բանաձեւ, ուր կ’ընդգծուի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։

Բանաձեւը, որ ընդունուեցաւ 188 կողմ եւ 3 դէմ ձայնով, խորհրդատուական բնոյթ ունի Ֆրանսայի կառավարութեան համար։

Նախագծի քննարկման ժամանակ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտարարեց, որ այդուհանդերձ ճանաչումը օգտակար չի համարեր բանակցային գործընթացի համար:

Բանաձեւին մէջ նաեւ կ’արձանագրուին Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ճանապարհով խաղաղութեան գործընթացը ձախողելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու վարձկաններու տեղակայման փաստերը։

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 25-ին Ֆրանսայի Սենատը 305 կողմ, 1 դէմ ձայնով ընդունած էր Արցախի անկախութեան մասին բանաձեւի նախագիծ, որով կը դատապարտէր Արցախի դէմ Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ատրպէյճանա-թրքական ռազմական յարձակումը՝ ահաբեկիչ վարձկաններու մասնակցութեամբ, եւ կոչ կ’ընէր Ֆրանսայի իշխանութիւններուն գործադրել հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ ապահովելու 1994-ի հաստատուած սահմաններու վերականգնումը, որոնք, ըստ էութեան, ամրագրուած են Արցախի Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած հրադադարի մասին եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment