Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱԹՕ-ի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպման Ժամանակ Փոմփէոյի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Վէճ

ՆԱԹՕ-ի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպման Ժամանակ Փոմփէոյի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Վէճ

by MassisPost

Նոր մանրամասնութիւններ յայտնի դարձած են ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, երեքշաբթի օր՝ Դեկտեմբեր 1-ին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի միջեւ վիճաբանութեան վերաբերեալ։

Նախօրէին միջազգային լրատուամիջոցները տեղեկացուցած էին, որ այդ հաւաքի ժամանակ Փոմփէօն սուր քննադատութիւն հնչեցուցած է Թուրքիոյ հասցէին, մինչդեռ ինչպէս France-Presse գործակալութիւնը կը պատմէ տեղի ունեցածին մասին` վկայակոչելով իր աղբիւրները, դիւանագէտներուն միջեւ տեղի ունեցած է թէժ վէճ, Փոմփէօն եւ Չաւուշօղլուն կոշտ մեղադրանքներ փոխանակած են իրար հասցէին։

Ուաշինկթընը Անգարան քննադատած է ՆԱԹՕ -ի կազմէն ներս դաշնակից Յունաստանի ջրային տարածքներուն մէջ ապակայունացնող քայլերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ պատերազմին Ատրպէյճանին ցուցաբերած աջակցութեան համար, կը գրէ France-Presse-ը։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Թուրքիոյ նաեւ մեղադրած է ՆԱԹՕ-ի մրցակից Ռուսաստանի շահերուն ծառայելու համար, քանի որ Անգարան, անտեսելով դաշնակիցներու դիմադրութիւնը, ռուսաստանեան հակահրթիռային համակարգեր գնած է ։ Փոմփէօն Անգարային յորդորած է ինքզինք դաշնակիցի պէս պահելու եւ վերջինին մեղադրած նաեւ կենսական կարեւորութիւն ունեցող բարեփոխումներուն ուղղուած ջանքերը տապալելու համար։

Reuters լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Մայք Փոմփէօն արտաքին գործոց նախարարներուն համար արտասովոր այդ հանդիպման շեշտած է, որ Թուրքիան հանդէս կու գայ Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքի սկզբունքներուն եւ գործողութիւններուն դէմ ՝ այդ կերպ խարխլելով անոր միասնականութիւնը։

Հաղորդուած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր հերթին կշտամբած է Ուաշինկթընը՝ ափսոսանք յայտնելով, թէ Միացեալ Նահանգները «Թուրքիոյ դէմ գործած է », աջակցած Յունաստանին եւ Կիպրոսին «առաւելապաշտական դիրքորոշումներուն» եւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն»։

Բացի այդ, Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, թէ Լիպիոյ մէջ Ֆրանսայի դիրքորոշումը ամենամեծ սպառնալիքն է Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքի միասնականութեան։

Թուրք նախարարը, ինչպէս նշած է Reuters-ը, իր ելոյթը աւարտած է ակնյայտօրէն ջղաձգուած՝ յայտարարելով, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը, որ կը զբաղի ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմամբ, կողմնակալ վերաբերմունք ունի Հայաստանի նկատմամբ։

Ամերիկեան Politico-ի համաձայն՝ հեռավար այդ հանդիպման մասնակցող նախարարներէն ոմանք, անոնց կարգին՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար՝ Ժան Իվ Լը Տրիան, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Նիկոս Տենթիասը, կը սատարէին Փոմփէոյին, եւ ստեղծուած էր իրավիճակ մը, երբ Անգարան կարծես մեկուսացուած էր դաշինքի տասնեակ անդամներէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment