Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնէն ներս Կը հիմնուի Փրոսթեթիք Տարրալուծարան

Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնէն ներս Կը հիմնուի Փրոսթեթիք Տարրալուծարան

by MassisPost

Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը շուտով կ’ունենայ քայլուածքի եւ փրոսթեթիք գերժամանակակից գերմանա-հոլանտական տարրալուծարան, որ պիտի ծառայէ հայրենիքի համար իրենց կեանքը չխնայած խիզախ հայորդիներու առողջութեան վերականգման:

Ներկայիս կեդրոնէն ներս բուժում կը ստանան 120 զինուորներ:

Այս համատեղ նախաձեռնութիւնը կեանքի  կոչուած է «Հայաստան» Հիմնադրամի «Մենք ենք, մեր սահմանները» դրամահաւաք արշաւի շրջագիծէն ներս Հոլանտայի հայ համայնքի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործընկեր «Vereniging Armeni fonds Nederland»-ի ֆինանսաւորմամբ:

Rehabilitation-Center-2«Սա առաջին նմանատիպ տարրալուծարան է Հայաստանի մէջ: Այն մեզ թոյլ կու տայ ապահովել գերժամանակակից փրոսթեթիք մարմինի մասեր, որ ոչ միայն առաւելագոյնի կը հասցնէ իւրաքանչիւր հիւանդի գործելու  հնարաւորութիւն այլ եւ առիթ կ’ընծայէ խուսափելու հետագայ բարդացումներէն եւ վիրահատութիւններէ: Մենք շնորհակալ ենք բոլոր այն հայերուն, որոնք «Հայաստանե համահայկական հիմնադրամի միջոցով աջակցեցան այս կենսական ծրագրի իրականացման»,– ըսած է Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Հայկուհի Մինասեանը:

Մեր վիրաւոր երիտասարդներու բուժումն ու խնամքը գերակայ նշանակութիւն ունեն Հիմնադրամի, ինչպէս նաեւ հայ ազգի համար: Սա առաջին ծրագիրն է գալիք բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին,  որոնք մշակուած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար վիրաւորուած մեր զինուորներու անձնուէր գործը գնահատելու եւ իրենց ֆիզիքական կարիքները հոգալու համար: Ներկայիս կը մշակուին  նաեւ  շարք մը ծրագիրներ ինչպէս հայրենիքի պաշտպաններուն, այնպէս ալ իրենց ընտանիքներուն աջակցելու համար:

Աշխարհի տարբեր անկիւններուն ապրող հայերուս պարտքն է մեր երախտագիտութիւնը յայտնել մեր քաջորդիներուն իրենց անձնազոհ ծառայութեան համար: Հիմնադրամը պիտի շարունակէ  աջակցիլ անոնց, որպէսզի պատերազմի հետեւանքները չյանգեցնեն իրենց կեանքի որակի անկման:

«Հայաստան» Հիմնադրամ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment