Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աղմուկ եւ Անդորր

Աղմուկ եւ Անդորր

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Կը յիշէ՞ք Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Սեպտեմբեր 26, 1997-ի մամլոյ ասուլիսին Արցախի նուիրուած հատուածը, ուր փոխ-զիջումներ կ’առաջարկէր: Ի՞նչ կը սպասէր նախագահը, բացուելով ժողովուրդին: Իր իսկ բառերով՝ «մամուլում եւ հրապարակային ժողովներում ԼՈՒՐՋ բանավէճ ծաւալել հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած ամենակնճռոտ խնդրի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւոր ուղիների շուրջ»: Ի՞նչ եղաւ արձագանքը: Դարձեալ իր բառերով՝ «Ընդդիմութեան արձագանքը դուրս չեկաւ հայհոյանքի, վերագրումների, պիտակաւորումների եւ խեղաթիւրումների շրջանակից: Չարուեց ոչ մի բանական առաջարկ, չներկայացուեց ոչ մի այլընտրանքային ծրագիր, չբերուեց ոչ մի հիմնաւոր հակափաստարկ»: Այլ խօսքով, լուրջ բանավէճ ծաւալելու նախագահի հրաւէրին, ընդդիմութեան պատասխանը եղաւ աղմուկ բարձրացնելով պղտորել ջուրերը, որսալու համար իր ձուկը՝ տիրանալ իշխանութեան:

Շատ ցաւալի է նկատել, որ այսօր նոյն ընդդիմութիւնը, հայհոյանքի, վերագրումներու, պիտակաւորումներու եւ խեղաթիւրումներու աղմուկով կը փորձէ դարձեալ տիրանալ իշխանութեան, փոխանակ նպաստելու անդորր իրավիճակի մը գոյացման, ուր լուրջ բանավէճերու ծաւալմամբ կարելի կը դառնայ մեր առջեւ ծառացած խնդիրներուն յարմարագոյն լուծումներու որոնումը:

Այստեղ խիստ կարեւոր կը սեպենք զուգահեռի մը ընդգծումը:

Մայիս 30, 1999-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց Վազգէն Սարգսեանի եւ Կարէն Տէմիրճեանի գլխաւորած դաշինքը: Ի տես ժողովրդավար այս յաղթանակին, համայն հայ ժողովուրդը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, խանդավառուեցաւ մեզի սպասուող պայծառ ապագայի ակնկալութիւններով: Դժբախտաբար, 5 ամիսներ չանցած, իրագործուեցաւ Հոկտեմբեր 27-ի սպանդը, գլխատուեցաւ մեր պետականութիւնը, եւ ժողովրդավար Հայաստանը ճաշակեց յաջորդ 20 տարիներու մենատիրութիւնն ու աւազակապետութիւնը:

Թաւշեայ յեղափոխութեամբ եւ Դեկտեմբեր 9, 2018-ի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններով, ժողովրդավարութիւնն ու խանդավառութիւնը վերականգնուեցան: Բայց դատական համակարգը իրենց ձեռքին պահած նախկինները, իրենց պահած ֆինանսական եւ քարոզչական միջոցներով, ամէն քայլափոխին խոչնդոտեցին համակարգային բարեփոխումներու փորձերը: Նախորդ 20 տարիներուն, երկրին հասցուած աւերը կարելի չէր վերացնել կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, ու Նոյեմբեր 10, 2020-ին իրականացաւ առաջին նախագահի Յունուար 8, 1998-ին նախատեսած աղէտը. «Ես ցաւով նախազգում եմ, թէ դա (status-quo-ի պահպանումը-ՅՏԴ) ինչ ահաւոր վտանգ է ներկայացնում թէ՛ Ղարաբաղի, թէ՛ Հայաստանի գոյութեան համար: Այսօր մենք, ինչպէս Պաթումից ու Ալեքսանդրապոլից առաջ, թերեւս Ղարաբաղի հարցի նպաստաւոր լուծման եւ Հայաստանի բարգաւաճման վերջին պատեհութիւնն ենք կորցնում:» Այսօր եւս, ինչպէս Հոկտեմբեր 27-էն ետք, կը գտնուինք ժողովրդավարութեան կորստի նախօրեակին ու միայն անդորր մտածելակերպով կրնանք յաղթահարել այս վտանգը, եւ ոչ թէ աղմկահարոյց ցոյցերով ու յայտարարութիւններով:

Վերլուծելով այսօրուան իրավիճակը եւ մեկնելով բացառապէս Հայաստանի պետական շահերէն, մենք կը յանգինք հետեւեալ եզրակացութիւններուն.

Քաղաքական ընդունուած երեւոյթ է, որ երբ երկիր մը կ’ենթարկուի ահաւոր ցնցումի մը, ինչպիսին եղաւ մեր պարագային, օրուան իշխանութիւնները, կրելով պատահածին պատասխանատուութիւնը, պէտք է հրաժարական տան եւ հող պատրաստեն արտահերթ ընտրութեանց միջոցաւ առնելու եւ ընդունելու ժողովուրդի որոշումը:

Քաղաքական ընդունուած երեւոյթ է նաեւ, որ այդ ընտրութիւնը պէտք է կատարուի կայուն եւ ժողովրդավար պայմաններու մէջ, համաձայն երկրի սահմանադրական կարգերուն: Այլապէս, երկիրը կրնայ մէկ ծայրայեղութիւնէ երթալ այլ ծայրայեղութեան, աւելի եւս սաստկացնելով ցնցումը եւ ահաւոր վնաս պատճառելով երկրի պետականութեան:

Ուրեմն, պէտք է մշակուի յստակ ծրագիր մը, որ պիտի ապահովէ ժողովրդավար, թափանցիկ եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը: Ատիկա առիթը պիտի տայ քաղաքական ուժերուն, որ նախընտրական պայքարի միջոցաւ ժողովուրդին  ներկայացնեն իրենց ծրագիրները եւ ան որ կը յաջողի շահիլ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը, անոր կը վիճակուի որոշել թէ ի՞նչ ուղիով պիտի առաջնորդէ երկիրը:

Այնքան ատեն, որ այսպիսի ծրագիր մը չէ մշակուած ու համաձայնեցուած,   արկածախնդրութեան համազօր պիտի ըլլայ կծկտուր եւ հապճեպ միջոցներով ընտրութիւն կայացնելը, նամանաւանդ երբ պսակաձեւ ժահրը կը շարունակէ մահեր հնձել: Հետեւաբար, հրապարակի աղմուկը պէտք չէ շեղէ մեր ուշադրութիւնը, անդորր մտքով մշակելու այս տագնապէն դուրս գալու ուղիները: Տրուիլ հրապարակի աղմուկին, պիտի նշանակէ ակնկալել կործանիչ հետեւանքներ, ինչպէս եղաւ մօտիկ անցեալին:

Նոյեմբեր 10-էն ի վեր մենք ականջալուր կ’ըլլանք քաղաքական ղեկավարներու այնպիսի արտառոց արտայայտութեանց, որոնք ապշանք կը պատճառեն մեզի, որ այդ մարդիկ ի՞նչպէս հասած են պատասխանատու դիրքերու: Մեզի համար միշտ ալ տարօրինակ թուացած է, որ այն քաղաքական գործիչները, որոնք իրենց մտքերը արտայայտելու համար կը դիմեն գռեհիկ եւ կամ զառանցանքի աստիճանի հասնող յայտարարութիւններու միջոցին, արդեօ՞ք չեն անդրադառնար, որ այդպիսով կանխաւ արժեքազրկած կ’ըլլան իրենց պատգամը: Կամ անոնք, որոնց խօսքերը չեն համընկնիր իրենց գործերուն հետ, ի՞նչպէս կ’ակնկալեն որ ժողովուրդը վստահի իրենց: Կամ անոնք, որոնք մեկնած իրենց շահերէն, նոյն հարցին կապակցութեամբ, ըստ պարագաներու կ’ունենան հակասական յայտարարութիւններ, չ՞են անդրադառնար, որ պարզապէս ինքզինքնին կը վարկաբեկեն ու կը բացայայտեն իրենց սնանկութիւնը:

Փոխանակ այստեղ նշելու օրինակներ հրապարակը աղմկողներուն յայտարարութիւններէն, մենք կը նախընտրենք անոնց եւ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ  քանի մը փաստերը, որ ըստ այնմ լուսաբանուին մտքերը եւ այդ հիման վրայ հասնին եզրակացութիւններու:

Ա. Բացայայտուեցաւ, որ բոլոր բանակցութիւններու պարագային մեզի կը պարտադրուէր քաշուիլ մեր հսկողութեան տակ գտնուող 7 շրջաններէն:

Բ. 2001-ի Քի Ուեսթեան համաձայնութեամբ, Մեղրին պիտի յանձնուէր Ազրպէյճանին եւ փոխարէնը Լեռնային Ղարաբաղը պիտի միացուէր Հայաստանին: Այսպիսով պիտի զրկուէինք Իրանի հետ մեր ունեցած սահմանէն եւ աւելիով ենթարկուէինք շրջափակման: Այս համաձայնութիւնը պատրաստ էր ստորագրման, բայց հետաքրքրականօրէն վերջին վայրկեանին Հէյտար Ալիեւը խուսափեցաւ:

Գ. 2007-ի Մատրիտեան սկզբունքներով մենք ընդունած էինք, որ Ղարաբաղի բնակչութիւնը պիտի ունենայ նոյն համեմատութիւնը, ինչ որ էր 1988-ին: Այս կը նշանակէ, որ Շուշիի բնակչութեան 90 տոկոսը պիտի բաղկանար Ազերիներէ:

Դ. 2011-ի Կազանի բանակցութիւններուն Հայաստանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր յանձնելու 7 շրջանները, բայց հանդիպած էր Ազրպէյճանի մերժման, որ յաւելեալ պահանջներ դրած էր սեղանին:

Ահաւասիկ տեսաք թէ ինչպիսի պայմաններ կը դրուէին մեր վրայ: Միաժամանակ, մենք ականատես կ’ըլլայինք Ազրպէյճանի միլիարդաւոր տոլարներու հասնող սպառազինութեան արշաւին: Ուրեմն ի՞նչպիսի խղճմտանքով մեր ղեկավարները կը շարունակէին մեր բանակը պահել 80-ական թուականներու զէնքերու մակարդակին եւ փոխարէնը իրենց համար դղեակներ կառուցել եւ երկրի հարստութիւնը թալանելով դուրս հանել:  Եւ այս մարդոց դրածոները, այսօր հրապարակէն հայրենասիրական քարոզներ կը կարդան մեր գլխուն, որ մեզի Եռատօն տուին: Ո՛չ, պարոնայք: Եռատօնը ձեր նախորդները տուին: Դուք մեզի տուիք Հոկտեմբեր 27, Մարտ 1 եւ աւազակապետութիւն:

Այստեղ կ’արժէ մէջբերել Եռատօնի կերտիչներէն՝ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի հետեւեալ խօսքը. «Ամէն ինչ խառնուել է իրար: Երրորդ դասարանի կրթութեամբ որեւէ դուրսպրծուկ մէկ աւտոմատով ու չորս դանակով կարող է ազգի ճակատագրի հետ կատակներ անել…Հրեշաւոր կասկածն ու անհանդուրժողականութիւնը սրտներումս՝ վաղը ո՞նց ենք մէկմէկու թիկունք ապահովելու: Միասնութիւնից խօսելով հոգնեցինք, Նժդեհ ցիտելով (մէջբերելով) յոգնեցինք, ու բան դուրս չեկաւ…Յապաղելու իրաւունք չունենք: Շտապենք, քանի դեղ մութ ուժերը մեզ իրար դէմ չեն հանել, քանի դեռ ժողովուրդը, այնուամենայնիւ, հաւատում է մեզ:»

Այս յօդուածը գրեթէ աւարտած էինք, երբ այսօր կարդացինք Արցախի ազգային ժողովի նախագահ՝ Արթուր Թովմասեանի հետեւեալ կարեւոր տեղեկանքը. «…Բոլոր ժամանակներում բանակցային սեղանին դրուած բոլոր փաստաթղթերը՝ Քի Վեսթ, Փարիզեան սկզբունքներ, Մադրիդեան սկզբունքներ, Կազանեան փաստաթուղթ, Լավրովի պլան, երբեք չեն արտահայտել ոչ միայն Արցախի ժողովրդի արմատական շահերը, այլ նաև համայն հայության։ 2016-ի ապրիլյան պատերազմից հետո ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսյանը ԱՀ նախկին նախագահ Բակո Սահակյանի հետ հանդիպեցին 22 պատգամավորների հետ։ Սերժ Սարգսյանը հորդորեց մեզ համաձայնել եօթ շրջանների հանձնմանը: Մենք ասացինք, որ Մադրիդյան սկզբունքները չեն արտահայտում հայ ժողովրդի արմատական շահերը: Նա էլ ասաց` դուք բազմաթիվ անգամ լսել եք «Ղարս, Ղարս» երգը, եթե հրաժարվում էք Մադրիդեան սկզբունքներից, ապա մի օր կը լսէք «Ստեփանակերտ, Ստեփանակերտ» երգը։» 

Վերեւի տուեալները ի մտի ունենալով եւ չբացառելով նորանոր բացայայտումներ, հարց կու տանք թէ յանուն ի՞նչի կ’ըլլայ բարձրաձայնուած  աղմուկը: Ի՞նչու որոշ հատուածներ կը դիմեն ծայրայեղական կանչերով կիրքեր բորբոքելու աղմկարար միջոցին, փոխանակ անդորր մտքով կշռելու փաստերը եւ ըստ այնմ յանգելու որոշումներու: Մենք չենք կրնար մոռնալ, որ աղմկողներու ձեռքով իրագործուեցաւ Հոկտեմբեր 27-ի սպանդը: Ե՞րբ դաս պիտի քաղենք անցեալի փորձերէն, չկրկնելու համար նոյն սխալները:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment