Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԱԾ-ը Պարզած Է, Թէ Որու Կողմնակիցները Եղած են Անկարգութիւններու Մասնակիցները

ԱԱԾ-ը Պարզած Է, Թէ Որու Կողմնակիցները Եղած են Անկարգութիւններու Մասնակիցները

by MassisPost

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Նոյեմբեր 9-ի երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու  քրէական գործով ձեռք բերուած եւ պատշաճ իրաւական ընթացակարգերով հետազօտուած ապացոյցները կը փաստեն, որ զանգուածային անկարգութիւններուն  մասնակից անձանց նախապէս հաւաքագրած, դէպքի վայր հանդիսացող շէնքերու եւ շինութիւններու մէջ անոնց ներկայութիւնը հիմնականին մէջ ապահոված են հանրութեան յայտնի՝ հակաիշխանական հայեացքներ ունեցող եւ ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող քաղաքական ուժերու համախոհները, որոնք շարք մը պարագաներուն անձամբ կատարած են գոյքի ոչնչացումներ, վնասումներ, տուած են բռնութիւն գործադրելու կոչեր,  եւ կատարած բռնի գործողութիւններ:

Մասնաւորապէս, քննութեամբ պարզուած է, որ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակից անձանց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ՀՀ երկրորդ  նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմնակիցները, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան անդամ հանդիսացող անձինք, «Կամք» նախաձեռնութեան, «Այլընտրանք» հասարակական կազմակերպութեան  անդամները, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան  աջակիցները, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախկին պատգամաւորներու օգնականները, համակիրները, հանրային հնչեղութիւն ստացած տարբեր քրէական գործերով ամբաստանեալներ, որոնց նկատմամբ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով սահմանուած կարգով կիրառուած են դատավարական հարկադրանքի միջոցներ եւ յարուցուած են քրէական հետապնդումներ:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան պայմաններուն վարոյթ կատարող մարմնի կողմէն քրէական հետապնդումներ յարուցուած են զանգուածային անկարգութեան շուրջ հինգ տասնեակ մասնակիցներու կամ կազմակերպիչներու նկատմամբ, որոնցմէ ներկայիս 18 անձի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, իսկ մնացած անձանց նկատմամբ ընտրուած են անազատութեան հետ չկապուած խափանման միջոցներ:

Ընդ որում, նախաքննական մարմնի կողմէ ձեռնարկուած արդիւնաւէտ քննչական եւ այլ դատավարական գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ անոնց զուգահեռ կատարուած օփերաթիւ-հետախուզական համալիր միջոցառումներու հետեւանքով պարզաբանուած  են նաեւ շուրջ 250-էն աւելի անձանց ինքնութիւնները, ինչպէս նաեւ ճշդուած են զանգուածային անկարգութեան այլ մասնակիցներու տուեալները, որոնց յայտնաբերման ուղղութեամբ կատարուում են որոնողական եւ փնտրողական աշխատանքներ:

Միեւնոյն ժամանակ, վարոյթը կատարող մարմնի տրամադրութեան տակ առկայ փաստական տուեալները կը վկայեն, որ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցած անձանց գերակշիռ մասը պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցած չէ եղած, ինչպէս նաեւ չեն մասնակցած 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ ծաւալուած ռազմական գործողութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնուի որ, հետեւողական պայքար պիտի տանի սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ պետութեան  անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխման, խափանման եւ անոնց բացայայտման ուղղութեամբ՝ հասարակութեան լայն շերտերուն կոչ ընելով դրսեւորելու բացառապէս իրաւահպատակ վարքագիծ եւ տուրք չտալու անձնական կամ քաղաքական նեղ մղումներով պայմանաւորուած, երկրի ներքին անվտանգութիւնը ապակայունացնող  սադրիչ կոչերուն ու յորդորներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment