Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատաւորներու Մասնակցութեամբ Վարչապետի Մօտ Կայացած Խորհրդակցութիւնը Կ’արժանանայ Քննադատութեան

Դատաւորներու Մասնակցութեամբ Վարչապետի Մօտ Կայացած Խորհրդակցութիւնը Կ’արժանանայ Քննադատութեան

by MassisPost

Արդեօք դատաիրաւական համակարգը պատշաճ արձագանգած է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանի դէմ յարձակման գործին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զինք յուզող այս հարցի պատասխանը երէկ՝ Նոյեմբեր 30-ին փորձած է ստանալ համակարգի ներկայացուցիչներէն՝ կառավարութենէն ներս։

«Կ’ուզենայի մտքեր փոխանակել, թէ ինչքանով են այսօր իրաւակարգը պահպանող ինսթիթութները պատշաճ մակարդակով գործում», – ըսած է վարչապետն ու պատշաճութիւնը փորձած է պարզել Նոյեմբեր 9-ի գիշերուայ դէպքերով յարուցուած գործերու ընթացքով։ Այդ գիշեր, երբ յայտնի դարձած էր Փաշինեանի ստորագրած յայտարարութեան մասին, քաղաքացիները ներխուժած էին Կառավարութիւն ու Ազգային ժողով, կառավարական ամառանոց ու ծեծած Արարատ Միրզոյեանը:

«Տուեալ գործերով այս պահի դրութեամբ մեղադրանք է առաջադրուել 50 անձի, որոնցից խափանման միջոցը կալանք ընտրելու վերաբերեալ միջնորդութիւն է ներկայացուել դատարան 42 անձի պարագայում: Միջնորդութիւններից մերժուել է 20-ը, բաւարարուել է 18-ը: Ազգային ժողովի նախագահի դէմ յարձակման գործով կալանաւորուել է 2 անձ, եւս մէկ անձի կալանաւորումը մերժուել է: Եթէ ճիշդ բարձրաձայնեցի՝ այս վիճակագրութիւնը եւ հիմնական հարցը հետեւեալն է, թէ մեր գնահատականը որն է, թէ ինչքանով է այս իրավիճակը պատշաճ արձագանգ տեղի ունեցածին», – ըսած է վարչապետը:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, քննչական մարմիններու ղեկավարները, արդարադատութեան նախարարը, գլխաւոր դատախազը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդէն անդամներ, Վճռաբեկ դատարանի նախագահի թեկնածու՝ Լիլիթ Թադեւոսեանը, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան եւ վերաքննիչ դատարանի նախագահները եւ այլ ներկայացուցիչներ։ Թէ ինչպիսի՞ն եղած է անոնց գնահատականը վարչապետին հետաքրքրող գործերուն եւ առհասարակ ոլորտի գործունէութեան, կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեամբ նշուած չէ։

«Եթէ պատշաճ ենք համարում ներկաներս՝ դա ի գիտութիւն ընդունենք, եթէ պատշաճ չենք համարում, հասկանանք՝ ի՞նչն է խնդիրը եւ ինչո՞ւ մենք ունենք այսպիսի իրավիճակ», – ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Այս կազմով վարչապետի նախաձեռնած խորհրդակցութիւնը անարձագանգ չմնաց։ Դատաւորներու ու Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներու մասնակցութիւնը այդ քննարկումին քննադատած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեանը։ «Անընդունելի եմ համարում յատկապէս մի շարք դատաւորների ու Բարձրագոյն դատական խորհրդի մի շարք անդամների մասնակցութիւնն այդ քննարկմանը: Նման ուղղուածութեամբ քննարկումները վտանգում են դատական իշխանութեան անկախութիւնն ու հեղինակութիւնը: Դատարանները կոչուած են երաշխաւորելու մարդու անձնական ազատութեան, արդար դատաքննութեան ու միւս իրաւունքների պաշտպանութեան անխափան ապահովումը», – դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Թաթոյեանը։

Նման քննարկումներուն Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) անդամներու եւ դատաւորներու մասնակցութիւնը բնական է եւ դատարաններու անկախութեան վտանգ տեսնելը հիմնաւորուած չէ, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կը հակադարձէ ԲԴԽ-ի անդամ Վիգէն Քոչարեան, որ մասնակցած է հանդիպման:

«Հանդիպման ժամանակ, որին մասնակցում է շուրջ 3 տասնեակ մարդ, ինչպէ՞ս էք ենթադրում կամ պատկերացնում, որ ինչ-որ ձեւ պէտք է անօրինական միջամտութիւն լինի կամ այլն: Ազգային ժողովի նախագահի դէպքով, ինչքան ես հասկացայ, մի քանի տասնեակ մեղադրեալներ կան, ու մի քանի տասնեակ դատաւորներ այդ գործընթացներում ներգրաւուած են: Այն առումով, թէ ինչպիսի քննարկումներ են լինում այս կամ այն ոլորտում առկայ խնդրայարոյց եւ մի գուցէ նաեւ ոչ խնդրայարոյց հարցերի վերաբերեալ, ես դա միջամտութիւն չէի ուզենայ, որ դիտարկէի», – ըսաւ Քոչարեան:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ոչ բոլոր անդմաները մասնակցած են վարչապետի նախաձեռնած հանդիպման, անոնց կարգին՝ նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը, հրաւէր ստացած է, թէ՝ ոչ, չըսաւ: Իսկ դատաւորներու եւ ԲԴԽ-ի անդամներու մասնակցութեամբ վտանգուա՞ծ է դատական համակարգի անկախութիւնը, Վարդազարեան հրաժարեցաւ կարծիք յայտնելէ: Արդեօք դատաւորներու ու դատարաններու անկախութեան երաշխաւոր ԲԴԽ-ն կը պատրաստուի՞ քննարկել այս հարցը, ան նշեց. «Վաղը Բարձրագոյն դատական խորհրդի նիստ է տեղի ունենալու, եւ այդ հարցը այդ օրակարգում կը ներառուի, թէ չէ, դա քննարկման առարկայ կը դառնայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment