Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀՄՄ-ի Նախաձեռնած՝ Արցախի Երեխաներուն Համար Խաղալիքներու Արշաւը կը Միաւորէ Համայնքը

ՀՄՄ-ի Նախաձեռնած՝ Արցախի Երեխաներուն Համար Խաղալիքներու Արշաւը կը Միաւորէ Համայնքը

by MassisPost

Արցախի երեխաներուն համար հաւաքուած են հազարաւոր խաղալիքներ՝ Հայ Մարմնամարզական Միութեան (ՀՄՄ) կազմակերպած արշաւի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 28-29-ին Փասատինայի եւ Կլէնտէլի մէջ:
Միութեան երիտասարդ եւ տարեց կամաւորները շարքի կանգնած ինքնաշարժներէն կը ստանձնէին համայնքի անդամներու բերած խաղալիքները՝ Արցախի երեխաներու դէմքին ժպիտ դրոշմելու նպատակով, յատկապէս դժուարին այս օրերուն:

Ոմանք ձմեռնային հագուստներ կը բերէին, իսկ ուրիշներ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէին:

«Մենք շատ ուրախ են, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը նման արձագանք գտաւ եւ մեծ թիւով Հայեր ընդառաջեցին մեր կոչին: Արցախի անմեղ երեխաները ականատես եղան իրենց բնակարաններու աւերումին, ընտանիքի անդամները զոհուեցան պատերազմի մը ընթացքին որ շղթայազերծուեցաւ իրենց դէմ, զրկելով զիրենք իրենց պատմական հայրենիքին վրայ ազատ ապրելու իրաւունքէն», այս առթիւ յայտարարեց ՀՄՄ-ի ատենապետ Վարդան Գոճապապեան:

«Նման նուիրահաւաքները նուազագոյնն էր, որ կրնանք ընել, որպէս սփիւռքահայեր օգնելու համար մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն տագնապալի այս օրերուն: Կը յուսանք որ, համայնքի անդամներուն կողմէ նուիրուած խաղալիքները որոշ չափով պիտի բարձրացնեն Արցախի երեխաներու տրամադրութիւնը եւ բնականոն կեանքի վերադառնալու յոյս տայ անոնց», աւելցուց Գոճապապեան, այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան եւ Mission Wine and Spirits ընկերութեան, որոնք Փասատինայի եւ Կլէնտէլի մէջ օժանդակեցին խաղալիքներու արշաւի յաջողութեան

Նուիրուած խաղալիքները տեղաւորուելով մեծ սնտուկներու մէջ Արցախ պիտի ուղարկուին յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ կամ մասնակցելու համար խաղալիքներու արշաւին կարելի է հեռաձայնել 818-324-0574 թիւին:

hmm toy drive-2

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment