Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Խորհրդակցութիւններ Սկսած Է, Ազգային Համաձայնութեան Իշխանութիւն Ձեւաւորելու Նպատակով

Արցախի Նախագահը Խորհրդակցութիւններ Սկսած Է, Ազգային Համաձայնութեան Իշխանութիւն Ձեւաւորելու Նպատակով

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան խորհրդակցութիւններ սկսած է քաղաքական ու հասարակական լայն շրջանակներու հետ՝ ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն ձեւաւորելու նպատակով, կը տեղեկանանք Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարի դիմատետրի այսօրուայ՝ Դեկտեմբեր 1-ի գրառումէն։

«Մեր Հայրենիքի համար այս ծայրայեղ ծանր շրջանում քաղաքական խորհրդակցութիւններ եմ սկսել քաղաքական ու հասարակական լայն շրջանակների հետ՝ քննարկելու համար առկայ մարտահրաւէրներն ու ապագայի անելիքները: Դրանց միջանկեալ արդիւնքներով հնարաւորութիւն եմ տեսնում, որ կը կարողանանք ձեւաւորել ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն՝ համատեղելու համար բոլորիս ջանքերը՝ յանուն Հայրենիքի անվտանգութեան ու զարգացման եւ ժողովրդի բարօրութեան»,- նշած է Յարութիւնեան։

Յիշեցնելով, որ այս Մայիսին կայացած իր երդմնակալութեան ժամանակ խօսած է համերաշխութեան եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին, եւ յատկապէս հիմա՝ «այս ճգնաժամային ու վճռորոշ պահին երկու ձեռքերս միշտ մեկնուած կը լինեն իւրաքանչիւրին, ով պատրաստ եւ ունակ կը լինի գէթ մէկ աղիւս դնելու մեր Հայրենիքի վերակառուցման որմին»՝ Արայիկ Յարութիւնեան գրած է. – «Յորդորում եմ բոլոր-բոլորին՝ համախմբուել եւ միասնական ջանքերով ոչ միայն դուրս գալ այս իրավիճակից, այլ նաեւ բռնել ճամբան երկարատեւ զարգացման ու զօրացման, որը միակ ճանապարհն է արեւի տակ մեր ու գալիք սերունդների արժանապատիւ կեանքն ապահովելու համար»:

Նախագահ Յարութիւնեանի գլխաւորած քաղաքական ուժի խորհրդարանական խմբակցութեան՝ «Ազատ հայրենիք – ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքի ղեկավար՝ Արթուր Յարութիւնեան այսօր «Ազատութիւն»-ին Ստեփանակերտէն հեռախօսով փոխանցեց, որ Արցախի ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն ձեւաւորելու համար կը ծրագրեն բանակցիլ այս տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքական բոլոր 12 ուժերու հետ․ – «Առաջարկը արուելու է բոլոր խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերին, որոնք պատրաստ են էսօր միաւորուելու եւ այս ծանր վիճակից եւ՛ ընկերային, եւ՛ մնացած ուղղութիւններով դուրս գալու համար»։

Հարցին, թէ որոնք արձագանգած են, Յարութիւնեան պատասխանեց․ – «էս պահին չեմ կարայ ասեմ, որովհետեւ գործընթացը էսօր ա սկսել։ Յամենայն դէպս, խորհրդարանական բոլոր ուժերը արձագանգել են, արտախորհրդարանականի մասով չեմ կարայ ասեմ․․․ Բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք պատրաստակամ են լինելու այս ժամանակահատուածում մասնակցել երկրի կառավարմանը, բոլորին։ Կապ չունի՝ ընդդիմութիւն թէ դիմութիւն»։

Հարցին, թէ ճիշդ է արդեօք տեղեկութիւնը, որ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը պիտի առաջարկուի Վիթալի Բալասանեանին, Յարութիւնեան արձագանգեց․ – «Դա քննարկումների արդիւնքում կը ձեւաւորուի։ Այս պահին որպէսզի ժամանակից առաջ չանցնենք, քննարկումների արդիւնքում տարբեր քաղաքական ուժեր, որոնք պատրաստ են լինելու միանալու, էդ ժամանակ արդէն պատասխանատւութեան չափերն էլ ա բաժանուելու՝ ով ինչքան ա պատասխանատու, ինչ ոլորտում եւ այլն»։

Ան, այդուհանդերձ, չբացառեց Վիթալի Բալասանեանի նշանակումը, որպէս ԱԱԽ քարտուղար․ – «Չի բացառւում նաեւ այլ մարդկանց տարբերակները։ Բոլոր հնարաւոր տարբերակները քննարկումների արդիւնքում են ձեւաւորուելու։ Այսինքն՝ էն քաղաքական ուժերը, որոնք որ պատրաստ են լինելու միանալու, էդ ժամանակ արդէն ձեր ասած էդ պաշտօնները, յստակ Անվտանգութեան խորհուրդ կը լինի, թէ Կառավարութեան կազմում կը լինեն, այլ պաշտօններում, դա արդէն գործընթացների արդիւնքում կը ձեւաւորուի»։

Յարութիւնեան ըսաւ, որ եղած է խօսակցութիւն Հայաստանի ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր՝ Մանէ Թանդիլեանի վերաբերեալ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աշխատիլ Արցախի կառավարութենէն ներս՝ նշելով․ – «Ես էլ եմ տեղեակ այդ խօսակցութեանը, բայց էս պահին յստակ որոշում չկայ»։
44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն եւ «Արցախի հերոս» կոչումէն հրաժարած Սամուէլ Բաբայեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը՝ «Միասնական հայրենիք»-ը մեծութեամբ երկրորդն է Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանէն ներս։ Կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար՝ Անուշ Դոլուխանեան «Ազատութիւն»-ին փոխանցեց, որ խորհրդակցութիւն կատարելու պաշտօնական որեւէ առաջարկ դեռ չեն ստացած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment