Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարելի Չէ Ճգնաժամը Գնահատել Հրապարակի Մարդոց Քանակով, Կը Շեշտէ Արմէն Սարգսեան

Կարելի Չէ Ճգնաժամը Գնահատել Հրապարակի Մարդոց Քանակով, Կը Շեշտէ Արմէն Սարգսեան

by MassisPost

Հայաստանի նախագահը ռուսաստանաբնակ հայերուն հետ հանդիպման ընթացքին կրկին անդրադարձած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ կառավարութեան հրաժարականի եւ արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան։

Անդրադառնալով Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ու անոր հետեւանքով Հայաստանին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին` Արմէն Սարգսեան, ըստ նախագահականի տարածած հաղորդագրութեան, ընդգծած է, որ կառավարութիւնը, որ յանգեցուցած է ասոր, պէտք է երթայ։

«Եթէ քաղաքական գործիչը ուժեղ է, կարող է յետոյ վերադառնալ։ Նախկին ընտրութիւնները 2,5 տարի առաջ էին, երբ երկիրը բոլորովին այլ էր, հիմա այլ երկրում ենք ապրում։ Չի կարելի ճգնաժամը գնահատել հրապարակում մարդկանց քանակով։ Ոչ մի դէպքում համաձայն չեմ, որ պէտք է ճգնաժամը գնահատել հաշուի առնելով միայն հրապարակում հաւաքուած մարդկանց քանակը։ Եթէ հրապարակում ընդհանրապէս ոչ ոք չլինէր, դա կը նշանակէ՞ր, որ ճգնաժամ չկայ։ Նայէք մեր շուրջբոլորը, մենք բոլորս ճգնաժամային իրավիճակում ենք։ Դա երկրի, պետութեան ճգնաժամ չէ, այլ ազգի՝ իրաւապաշտպանական, հոգեբանական, ֆինանսական, տնտեսական, մարդասիրական», – ըսած է նախագահը։

Արմէն Սարգսեանը կրկնած է իր այն միտքը, որ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները անհրաժեշտ է ձեւաւորել ժամանակաւոր ազգային միասնութեան կառավարութիւն։ «Սա չի նշանակում, որ ամէն կուսակցութիւն պէտք է նախարար ունենայ, այլ՝ բոլորի կողմից յարգուած մէկը կառավարութիւն է ձեւաւորում, եւ նախընտրելի է, որ այդ կառավարութիւնը լինի տեխնոկրատ։ Այդ կառավարութիւնը պէտք է աշխատի կէս կամ մէկ տարի մինչեւ նոր ընտրութիւններ, երբ ժողովուրդը նորից ինչ-որ ուժի մանտաթ տայ»,- պարզաբանած է նախագահը։

Մինչդեռ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  քանի անգամ ակնարկած է, որ չի պատրաստուիր լքել վարչապետի պաշտօնը։ Օրերս ալ ռուսական ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն յետոյ իր հրաժարականի մասին ընդդիմութեան կոչերուն հայաստանցիները չեն աջակցիր։

Արմեն Սարգսեան Ռուսաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման յայտարարած է, թէ ինքը վարչապետ դառնալու յաւակնութիւններ չունի, պարզապէս Հայաստանը կ’ուզէ տեսնել կայուն երկիր։ Իր առաջարկած ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորումէն յետոյ Արմէն Սարգսեան նաեւ այլ կարեւոր գործընթացքներ կը պատկերացնէ՝ օրինակ, Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։

«Հաւասարակշռութիւն պէտք է լինի խորհրդարանի, կառավարութեան եւ նախագահական ինսթիթութի միջեւ։ Եթէ նոյնիսկ մենք խորհրդարանական երկիր մնանք, նախագահը պէտք է ժողովրդի կողմից ընտրուի։ Մեր երկրում բոլոր պաշտօնները նշանակում է խորհրդարանը, իսկ որտե՞ղ է հաւասարակշռութիւնը։ Ինչո՞ւ ենք զարմանում, որ ունենք այն, ինչ ունենք»,- նախկին իշխող հանրապետականի՝ սահմանադրական բարեփոխութիւններու արդիւնքը քննադատած է Արմէն Սարգսեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment