Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Հերթական Հանդիպում Ունեցած Է Անյայտ Կորած Եւ Գերութեան Մէջ Յայտնուած Զինծառայողներու Հարազատներուն Հետ

Արցախի Նախագահը Հերթական Հանդիպում Ունեցած Է Անյայտ Կորած Եւ Գերութեան Մէջ Յայտնուած Զինծառայողներու Հարազատներուն Հետ

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր՝ Նոյեմբեր 30-ին հերթական հանդիպում ունեցած է անյայտ կորած եւ գերութեան մէջ յայտնուած զինծառայողներու խումբ մը հարազատներու հետ:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող ՌԴ զօրակազմի հրամանատար՝ Ռուստամ Մուրատովը եւ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն՝ Կարեն Սարգսեան: Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Ներկայացնելով իրականացուող մարդասիրական աշխատանքներու աշխուժութեան՝ Յարութիւնեան նշած է, որ Արցախի (Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն) ԱԻՊԾ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի արցախեան գրասենեակի եւ ռուս խաղաղապահներու սերտ համագործակցութեան շնորհիւ, այս ընթացքին աւելի քան 600 մարմին հանուած է հակամարտութեան գօտիէն, եւ ամէն օր աշխատանքները կը շարունակուին:

«Այս օրերին պետական ամենաբարձր մակարդակով գործադրուում են բոլոր ջանքերը հնարաւորինս կարճ ժամկէտներում անյայտ կորած մեր բոլոր հայրենակիցների ճակատագրերը պարզելու ուղղութեամբ», – նշած է ԼՂ-ի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment