Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնական Փարիզը Չի Ճանչնար Ղարաբաղի Անկախութիւնը

Պաշտօնական Փարիզը Չի Ճանչնար Ղարաբաղի Անկախութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսան չի ճանչնար Ղարաբաղի անկախութիւնը, երէկ՝ Նոյեմբեր 27-ին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

«Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ մեր պարտաւորութիւնն է աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցուած լուծումը գտնելու ուղղութեամբ, յատկապէս՝ կարգավիճակի հարցով», – յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով՝ «այդ բանակցութիւններու վերջնական արդիւնքը չի կրնար որոշուիլ նախապէս եւ միակողմանիօրէն»։

Յայտարարութիւնը հնչած է նոյն հարցով Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս մէկ օր առաջ ընդունուած բանաձեւէն յետոյ, որով խորհրդարանի վերին պալատը 305 կողմ, 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ յորդորած էր կառավարութեան ճանաչել Արցախի Հանրապետութիւնը։

Խորհրդատուական բնոյթ ունեցող այդ փաստաթղթին մէջ, օրէնսդիրները պնդած էին, որ Ատրպէյճան անցեալ տասնամեակներուն, ինչպէս նաեւ վերջին պատերազմի ընթացքին ապացուցած է, որ չի կրնար երաշխաւորել հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը, ուստի խնդրի միակ ու տեւական լուծումը կարող է ըլլալ Ղարաբաղի ճանաչումը։

Ֆրանսացի ծերակուտականները նաեւ յորդորած էին կառավարութեան՝ միջազգային հետաքննութիւն պահանջել Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ արգիլուած զէնք օգտագործելու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ:

Ատրպէյճան ի պատասխան, երէկ բողոքի նամակ յղած էր երկրի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին, խորհդարանն ալ հարց բարձրացուցած էր Փարիզի կողմնակալութեան ու Մինսքի խմբէն այդ երկրին դուրս թողնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Արձագանգելով այս զարգացումներուն՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարած է, թէ Փարիզը յանձնառու է Մինսքի խումբի ծիրէն ներս ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն եւ կը ձգտի հասնիլ հակամարտութեան կարգաւորման՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու անվտանգութեան պահանջներն ու արժանապատւութիւնը։

«Մենք կը շարունակենք ընել հնարաւոր ամէն բան՝ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը կայունացնելու համար», – վստահեցուցած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով՝ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնագրէն յետոյ շարք մը հարցեր դեռ կը մնան չլուծուած։ Ղարաբաղի կարգավիճակէն բացի, Փարիզը յատուկ ընդգծած է օտարերկրեայ վարձկաններուն հակամարտութեան գօտիէն հեռացնելու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։

«Այսօր մեր գերակայութիւնն է երաշխաւորել վերջին պատերազմի պատճառով տեղահանուած անձանց անվտանգ վերադարձը իրենց բնակավայրերը»,- յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը

Աւելի վաղ՝ Ծերակոյտի բանաձեւի քուէարկութենէն առաջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց պետական քարտուղար՝ Ժան Պաթիսթ Լեմուան յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը որեւէ երկիր մինչ օրս չէ ճանաչած, եւ Ֆրանսայի կողմէն միակողմանի ճանաչումը օգտակար չէ ոչ Հայաստանի, ոչ Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ ոչ ալ Ֆրանսայի համար՝ խոչընդոտելով խաղաղ գործընթացքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment