Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Reuters. «Ֆրանսան կը Շարունակէ Պնդել ԵՄ-ի Կողմէ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Կիրառման Անհրաժեշտութիւնը»

Reuters. «Ֆրանսան կը Շարունակէ Պնդել ԵՄ-ի Կողմէ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Կիրառման Անհրաժեշտութիւնը»

by MassisPost

Ֆրանսացի պաշտօնեաներու եւ դիւանագէտներու խօսքով՝ յաջորդ ամիս պաշտօնական Փարիզը ԵՄ-ի ծիրէն ներս աշխուժօրէն պիտի քննարկէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու հարցը։ Reuters գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս պահուն Ֆրանսայէն բացի, Անգարայի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման օգտին հանդէս կու գան նաեւ Յունաստանն ու Կիպրոսը։

«Փարիզ կը պնդէ, որ Թուրքիան անտեսած է 1 հոկտեմբերին ԵՄ-ի ղեկավարներու կողմէն հնչեցուած զգուշացումները, որ կը վերաբերէին Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածը յայտնաբերուած կազի պաշարներու շուրջ վէճին», – կը գրէ Reuters-ը՝ յիշեցնելով նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի այս շաբաթ հնչեցուցած խօսքերը, – «Թուրքիան գիտէ, թէ ինչ պէտք է ընէ։ Համագործակցութիւն, թէ հակամարտութիւն՝ այդ իրենք պէտք է որոշեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment