Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան իր Վրայ կը Վերցնէ Ոչ Միայն Ստեղծուած Իրավիճակի, Այլեւ Հետագայ Զարգացումներու Պատասխանատւութիւնը

Փաշինեան իր Վրայ կը Վերցնէ Ոչ Միայն Ստեղծուած Իրավիճակի, Այլեւ Հետագայ Զարգացումներու Պատասխանատւութիւնը

by MassisPost

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու ստեղծարար ներուժը անսպառ է, եւ իշխանութիւններու առաջիկայ ամենակարեւոր ընելիքը այդ ներուժի կեդրոնացումն է նոր ապագայի կառուցման գործին վրայ, գրեթէ երկամսեայ դադարէն յետոյ կայացած կառավարութեան նիստին՝ այսօր Նոյեմբեր 26-ին յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։

Գործադիրի նիստը տեղի ունեցաւ կազմի նկատելի փոփոխութեամբ. նախորդ օրերուն փոխուած են 12 նախարարներէն վեցը։

«Կառավարութեան ամենակարեւոր անելիքը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների, սեփական երկրի եւ իրավիճակի տէրը լինելու զգացողութեան եւ փաստի պահպանումն է եւ այս հանգամանքի հաստատութենական հզօրացումը: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պէտք է վստահ լինի, որ ինքն է իրավիճակի իրական տէրը եւ այդ զգացողութեան վրայ պէտք է կառուցի իր ապագան: Նաեւ ժողովուրդը պիտի որոշի, թէ այդ ապագան ում հետ պէտք է կառուցի, եւ այդ ապագայի կառուցման գործում ով ինչպիսի դերակատարութիւն պիտի ունենայ: Հայ ժողովրդի, Հայաստանի քաղաքացիների ստեղծարար ներուժը անսպառ է, եւ մեր առաջիկայ ամենակարեւոր անելիքն այդ ներուժի կեդրոնացումն է նոր ապագայի կառուցման գործի վրայ», – նշեց վարչապետը:

«Ապրում ենք չափազանց դժուար ժամանակներ, այդ ժամանակը ծանրանում է նրանով, որ մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ, մեր բազմաթիւ քոյրեր ու եղբայրներ մեզ հետ չեն ապրում այսօր,- շարունակեց Փաշինեանը, – բայց այսօրուայ մեր հրամայականը եւ անելիքը հետեւեալն է` մենք պէտք է ապրենք այս ծանր ժամանակները եւ պէտք է յաղթահարենք ժամանակն ու նրա ծանրութիւնը»:

Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց, որպէս Հայաստանի վարչապետ իր վրայ կը վերցնէ ստեղծուած իրավիճակի ամբողջ պատասխանատւութիւնը. «Բայց գիտակցում եմ, որ ինձ վրայ է ոչ միայն մինչեւ օրս տեղի ունեցածի, այլեւ հետագայ զարգացումների պատասխանատւութիւնը, արտաքին եւ ներքին կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովումը, եւ նոյեմբեր 18-ին իմ հրապարակած ճանապարհային քարտէզի իրականացումը բացարձակ առաջնահերթութիւն եւ անհրաժեշտութիւն է, եւ մեր բոլոր ջանքերը պէտք է կեդրոնացած լինեն այս խնդրի լուծման վրայ»:

Նոյեմբեր 18-ին դիմատետրի իր էջին վրայ վարչապետը հրապարակեց առաջիկայի կառավարութեան ընելիքներու 15-կէտանոց ճանապարհային քարտէզ՝ յայտարարելով, որ ստեղծուած վիճակի թիւ 1 պատասխանատուն ինքն է, բայց իրավիճակը յաղթահարելու եւ երկրի կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու հիմնական պատասխանատուն նոյնպէս ինքն է:

Քարտէզի առաջին երեք կէտերն են՝ Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացի վերականգնում ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով, ապահովել արցախցիներու վերադարձը իրենց հայրենի օջախներ, ամբողջութեամբ վերականգնել Արցախի բնականոն կեանքը եւ զոհուած զինծառայողներու ու քաղաքացիներու ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում:

«Կառավարութիւնը Արցախի մեր հայրենակիցներին աջակցող արդէն 2 միջոցառում է ընդունել բաւականին մաշտապային, աջակցութեան միջոցառումների ընդունումը կը շարունակուի այնքան, որքան անհրաժեշտ է: Առաջիկայում մեր ուշադրութեան կեդրոնում է լինելու նաեւ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերի պատերազմից տուժած բնակավայրերի վերականգնումը Տաւուշի մարզում մեր իրականացրած ծրագրերի նմանութեամբ», – նշեց վարչապետը:

Ըստ Փաշինեանին` նոյնիսկ այս դժուար ժամանակներուն Հայաստանի մէջ բարեփոխութիւնները պէտք է շարունակուին. «Ընդ որում, բարեփոխումների ընդգրկումն ու օրակարգը պէտք է ընդլայնուի ի յայտ եկած նոր մարտահրաւէրների բերումով: Ամենահրատապ խնդիրների լուծմանը զուգընթաց պէտք է տեղի ունենայ նաեւ կատարուածի պատճառների վերհանման, պարզաբանման եւ վերլուծութեան գործընթաց, եւ հայ հանրութիւնը պէտք է ստանայ յստակ պատասխաններ, թէ ինչ է տեղի ունեցել եւ ինչու: Ժողովուրդը պէտք է հասու լինի ճշմարտութեանը եւ որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւն ունենայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment