Թրքական խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան կ’երազէ, որ օր մը Թուրքիան Ատրպէյճանի նման Հայաստանը եղբայրական երկիր համարէ: Այս մասին Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորը յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յաջորդ տարուայ պիւտճէի քննարկման ժամանակ՝ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար՝ Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի ներկայութեամբ:
Փայլան քննադատած է իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշման: Հայազգի պատգամաւորը ցաւով արձանագրած է, որ հազարաւոր կեանքեր խլած պատերազմի հետեւանքով շահեցաւ միայն Ռուսաստանը՝ մեծցնելով իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ: Իսկ Թուրքիան դուրս մղուեցաւ գործընթացքէն՝ մասնակից չդառնալով նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կայացուած համաձայնութեան:
Փայլանի կարծիքով, Ռուսաստանը պիտի շարունակէ զէնք վաճառել հակամարտող կողմերուն` ամենեւին նպատակ չունենալով վերջնականապէս լուծել հարցը: «Ռուսաստանը ճատրակի քաղաքականութիւն կը վարէ, մինչդեռ Թուրքիան նարտի կը խաղայ», – ըսած է Փայլան:
Հայազգի պատգամաւորի խօսքով՝ Թուրքիոյ միայն դիտորդի դեր բաժին հասած է, մինչ Թուրքիան պէտք է ըլլար Կովկասի խաղաղութեան երաշխաւորը: «Թուրքիան կը կորսնցնէ, քանի որ արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցէ ցեղային նմանութեան հենքի վրայ: Սակայն ես կ’երազեմ, որ օր մը Թուրքիան Ատրպէյճանի նման Հայաստանը եղբայրական երկիր անուանէ», – ըսած է Կարօ Փայլան:
Չաւուշօղլուն հակադարձած է Փայլանին․ – «Դուք երբեք հրապարակայնօրէն չէք ըսած, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է, եւ Հայաստանը պէտք է դուրս ելլէ այդտեղէն»:
Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ Ատրպէյճանը պատրաստ է հետագայ քննարկումներու:
Չաւուշօղլուն Փայլանի քննադատութիւնները բացարձակապէս անհիմն համարած է, հայազգի պատգամաւորին կոչ ընելով անկեղծօրէն խոստովանելու, թէ «ով է 30 տարի բռնագրաւել Ատրպէյճանի տարածքը»:
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը համոզմունք յայտնած է, որ հակամարտութեան լուծումը ամէնէն շատ շահեկան է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար: