Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Մեճլիսէն Ներս Քննադատած է Թուրքիոյ Դիրքորոշումը Արցախի Հարցով, Չաւուշօղլուն Արձագանգած է

Փայլան Մեճլիսէն Ներս Քննադատած է Թուրքիոյ Դիրքորոշումը Արցախի Հարցով, Չաւուշօղլուն Արձագանգած է

by MassisPost

Թրքական խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան կ’երազէ, որ օր մը Թուրքիան Ատրպէյճանի նման Հայաստանը եղբայրական երկիր համարէ: Այս մասին Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորը յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յաջորդ տարուայ պիւտճէի քննարկման ժամանակ՝ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար՝ Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի ներկայութեամբ:

Փայլան քննադատած է իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշման: Հայազգի պատգամաւորը ցաւով արձանագրած է, որ հազարաւոր կեանքեր խլած պատերազմի հետեւանքով շահեցաւ միայն Ռուսաստանը՝ մեծցնելով իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ: Իսկ Թուրքիան դուրս մղուեցաւ գործընթացքէն՝ մասնակից չդառնալով նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կայացուած համաձայնութեան:

Փայլանի կարծիքով, Ռուսաստանը պիտի շարունակէ զէնք վաճառել հակամարտող կողմերուն` ամենեւին նպատակ չունենալով վերջնականապէս լուծել հարցը: «Ռուսաստանը ճատրակի քաղաքականութիւն կը վարէ, մինչդեռ Թուրքիան նարտի կը խաղայ», – ըսած է Փայլան:

Հայազգի պատգամաւորի խօսքով՝ Թուրքիոյ միայն դիտորդի դեր բաժին հասած է, մինչ Թուրքիան պէտք է ըլլար Կովկասի խաղաղութեան երաշխաւորը: «Թուրքիան կը կորսնցնէ, քանի որ արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցէ ցեղային նմանութեան հենքի վրայ: Սակայն ես կ’երազեմ, որ օր մը Թուրքիան Ատրպէյճանի նման Հայաստանը եղբայրական երկիր անուանէ», – ըսած է Կարօ Փայլան:

Չաւուշօղլուն հակադարձած է Փայլանին․ – «Դուք երբեք հրապարակայնօրէն չէք ըսած, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է, եւ Հայաստանը պէտք է դուրս ելլէ այդտեղէն»:

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ Ատրպէյճանը պատրաստ է հետագայ քննարկումներու:

Չաւուշօղլուն Փայլանի քննադատութիւնները բացարձակապէս անհիմն  համարած է, հայազգի պատգամաւորին կոչ ընելով անկեղծօրէն խոստովանելու, թէ «ով է 30 տարի բռնագրաւել Ատրպէյճանի տարածքը»:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը համոզմունք յայտնած է, որ հակամարտութեան լուծումը ամէնէն շատ շահեկան է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment