Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Կոչ Կ’ընէ Ետ Կանչելու Ֆրանսան Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Կազմէն

Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Կոչ Կ’ընէ Ետ Կանչելու Ֆրանսան Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Կազմէն

by MassisPost

Ատրպէյճանի խորհրդարանը կոչ կ’ընէ երկրի կառավարութեան, դիմելու ԵԱՀԿ ղեկավարութեան, Ֆրանսան Մինսքի խումբի համանախագահներու կազմէն ետ կանչելու կոչով։ Այդ մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսի այսօր՝ Նոյեմբեր 26-ին ընդունած յայտարարութեան մէջ։

«Միլի մեճլիսը կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանի կառավարութեան, դիմելու ԵԱՀԿ ղեկավարութեան Ֆրանսան ետ կանչելու պահանջով։ Ֆրանսան վերջին օրերու իր դիրքորոշումներով եւ յայտարարութիւններով կասկածի տակ կը դնէ իր չէզոքութիւնը», – նշուած է ատրպէյճանական խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ։

Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ՝ Նոյեմբեր 25-ին ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւ, որ կոչ կ’ընէ երկրի կառավարութեան ճանաչելու Արցախի անկախութիւնը։

Հայաստանը եւ Արցախը ողջունած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը, Ատրպէյճանը քննադատած է զայն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment