Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Սենատը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Ֆրանսայի Սենատը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանաչելու վերաբերեալ բանաձեւը՝ 305 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Քուէարկութեան մասնակցած է 306 հոգի:

Ներկայացուած բանաձեւով, կոչ եղած է Ֆրանսայի կառավարութեան ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեւական ժամանակ խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը, որ կատարուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու եւ օտարերկրեայ վարձկաններու աջակցութեամբ, եւ կոչ կ’ընէ, որպէսզի անյապաղ դուրս հանուին ատրպէյճանական զինուած ուժերը եւ անոնց աջակիցները այն տարածքներէն, որոնք վերցուած են 27 սեպտեմբերին սկսած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով:

Բանաձեւը կը ներկայացնեն հինգ ծերակուտականներ՝ Պրունո Ռետալոն, Փաթրիք Քանները, Էրվէ Մարսելը, Էլիան Ասասին եւ Կիյոմ Կոնթարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment