Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին Փաշինեանի ու Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Տարածաշրջանին Մէջ Փոխադրական Ուղիները Բանալու Հարցերը

Փութին Փաշինեանի ու Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Տարածաշրջանին Մէջ Փոխադրական Ուղիները Բանալու Հարցերը

by MassisPost

Վերջին երկու օրերուն` Նոյեմբեր 23-ին եւ 24-ին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսաստանցի խաղաղապահներու աշխատանքի եւ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հարցերը, նաեւ շօշափուած է տնտեսական փոխգործակցութեան եւ տարածաշրջանին մէջ փոխադրական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները։

Փութինը Ալիեւի ու Փաշինեանի հետ քննարկած է նաեւ Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման պայմանաւորուածութիւններու կատարումը եւ ամփոփուած է Նոյեմբեր 21-ին Երեւան ու Պաքու կատարած ռուսական պատուիրակութեան այցերու արդիւնքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment