Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սահմանադրական Դատարանը Կասեցուցած Է Ազատութիւններու Սահմանափակումներու Գործողութիւնը

Սահմանադրական Դատարանը Կասեցուցած Է Ազատութիւններու Սահմանափակումներու Գործողութիւնը

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը կասեցուցած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի դիմումով վիճարկուող՝ Ռազմական դրութիւն յայտարարելու վերաբերեալ կառավարութեան որոշման այն դրոյթներու գործողութիւնը, որոնք կը վերաբերին ռազմական դրութեան ընթացքին Հայաստանի տարածքը գտնուող մարդոց, ինչպէս նաեւ Զանգուածային Լրատուական Միջոցներու ու լրագրողներու կողմէն կարծիքի արտայայտման եւ մամլոյ ազատութեան սահմանափակման։ Այս մասին կը յայտնէ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան:

Թաթոյեանի հաղորդմամբ` խօսքը կը վերաբերի «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին» կառավարութեան որոշման այն արգելքներուն, որոնցմով, ըստ էութեան, թոյլ չէր տրուեր քննադատել որեւէ պետական կամ տեղական ինքնակառավարման մարմին կամ պաշտօնատար անձի գործողութիւն, անոր կարգին` ելոյթներ, հրապարակումներ, որոնք կարող են վերաբերիլ ռազմական դրութեան իրաւական ռեժիմի ապահովման եւ պետական անվտանգութեան ապահովման:

Միեւնոյն ժամանակ Թաթոյեան կը յայտնէ, որ այս որոշումը դեռ վերջնական չէ. դատարանը կասեցուցած է այդ դրոյթներու գործողութիւնը մինչեւ գործի դատաքննութեան աւարտը:

Դիմումով վիճարկուող դրոյթներու սահմանադրականութիւնը դեռ պէտք է քննարկուի դատարանի հիմնական նիստին, որ նշանակուած է Դեկտեմբեր 4-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment