Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակուեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան

Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակուեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան

by MassisPost

Դաւիթ Տօնոյեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարար նշանակուած էր յեղափոխութենէն յետոյ։ Մինչ այդ արտակարգ իրավիճակներու նախարարն էր, իսկ անկէ առաջ եօթ տարի պաշտպանութեան փոխնախարարը եղած է։ Պաշտօնէն ազատուելու հրամանագիրէն րոպէներ անց Տօնոյեան ուղերձ յղած է, մասնաւորապէս նշելով. «Իմ գործունէութեան որեւէ ամփոփում տեղին չէ այսօր, որովհետեւ ակամայից այդ ամփոփումը դարձաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմը: Բաւարարուա՞ծ եմ պատերազմի ընթացքում եւ դրա նախապատրաստական փուլում իմ աշխատանքից: Կարծում եմ՝ որոշ հայեցակարգային ուղղութիւններ վերանայման կարիք ունեն, որ չհասցրի իրագործել, եւ այս առումով ես պատրաստ եմ կրելու իմ բաժին պատասխանատւութիւնը: Այս պահին պաշտօնաւարումս դադարեցնելը կրկնակի դժուար է, քանզի սովորութիւն չունեմ հեշտ ու ընդունուած ճանապարհը բռնելով խուսափելու բարդ իրադրութեան մէջ յայտնուելուց, եթէ նժարին պետութեանն ու ժողովրդին ծառայել-չծառայելն է դրուած: Նոյն սկզբունքով եմ առաջնորդուել նաեւ 2018 թուականի գարնանը: Բայց ստեղծուած իրավիճակը կարիք ունի լիցքաթափման: Եւ ուզում եմ, որ իմ հեռանալն ընկալուի այդ տրամաբանութեան մէջ»:

Այսօր պաշտօնանկ եղած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար՝ Զարուհի Բաթոյեանը։ Զինք կը փոխարինէ վարչապետի խորհրդական՝ Մեսրոպ Առաքելեանը:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի թափուր պաշտօնին ալ նշանակուած է Անդրանիկ Փիլոյեանը։ Ֆելիքս Ցոլակեանը, որ արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակուած էր յեղափոխութենէն յետոյ, նախօրէին հրաժարականի դիմում գրած է։ Նորանշանակ նախարարը զինուած ուժերու 5-րդ բանակային զօրամասի հրամանատարն է, մէկ ամիս առաջ՝ թէժ մարտերու օրերուն Փաշինեան դիմատետրով գրած էր, որ Անդրանիկ Փիլոյեան կ’արժանանայ Ազգային հերոսի կոչման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment