Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրէական Հետապնդումներ Յարուցուած են Զանգուածային Անկարգութեան Շուրջ Չորս Տասնեակ Մասնակիցներու Նկատմամբ

Քրէական Հետապնդումներ Յարուցուած են Զանգուածային Անկարգութեան Շուրջ Չորս Տասնեակ Մասնակիցներու Նկատմամբ

by MassisPost

ԱԱԾ-ի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան պայմաններու մէջ վարոյթը կատարող մարմնի կողմէ քրէական հետապնդումներ յարուցուած են զանգուածային անկարգութեան շուրջ չորս տասնեակ մասնակիցներու կամ կազմակերպիչներու նկատմամբ, որոնցմէ ներկայիս 10 անձի նկատմամբ խափանման միոջոց ընտրուած է կալանաւորումը, 5 անձ ձերբակալուած է, իսկ մնացած անձերու նկատմամբ ընտրուած է անազատութեան հետ չկապուած խափանման միջոցներ:

Ձեռնարկուած օփերաթիւ հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու հետեւանքով պարզաբանուած են   շուրջ եօթ տասնեակէն աւելի անձերու ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ ճշդուած են զանգուածային անկարգութեան այլ մասնակիցներու տուեալները, որոնց յայտնաբերման ուղղութեամբ կը կատարուին որոնողական եւ փնտրողական աշխատանքներ:

Քրէական հետապնդումներ յարուցուած են եւ կատարուած նաեւ ընկերային ցանցերով լայն տարածում ստացած տեսագրութիւններուն մէջ պատկերուած անձանց գերակշիռ մասի նկատմամբ, անոնց կարգին՝ կառավարութեան նիստերու դահլիճի գոյքի ոչնչացում կամ վնասում կատարած իգական սեռի երկու ներկայացուցիչներու, վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրած անձի, կառավարութեան շէնքին մէջ՝ վարչապետի ընդունարանի դուռը վնասող, կառավարութեան նիստերու դահլիճին, Ազգային ժողովի շէնքերուն ջարդ, գոյքի ոչնչացում կամ վնասում կատարած, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի գրասենեակի զանգուածային անկարգութեան կազմակերպիչներու, նոյն վայրի մէջ բռնութիւն գործադրելու կոչ ընող անձերուն, որոնց գերակշիռ մասը վարոյթը կատարող մարմնին տուած է խոստովանական ցուցմունքներ եւ զղջացած է կատարածին համար:

«Մասնաւորապէս՝ քրէական գործով ձեռք են բերուել բաւարար փաստական տուեալներ զանգուածային անկարգութիւնների ընթացքում յատկապէս հակաիշխանական հայեացքներ ունեցող քաղաքական գործիչների համախոհների աշխոյժ դերակատարութեան վերաբերեալ, ովքեր աչքի են ընկել դէպքի վայրում գոյքի ոչնչացում կամ վնասում իրականացնելու կամ նոյնաբնոյթ այլ աշխոյժ վարքագծով», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment