Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութինի Խօսքով` Ստեղծուած Են Պայմաններ Հակամարտութեան Ամբողջական Կարգաւորման Համար, Արդար Հիմքի Վրայ

Փութինի Խօսքով` Ստեղծուած Են Պայմաններ Հակամարտութեան Ամբողջական Կարգաւորման Համար, Արդար Հիմքի Վրայ

by MassisPost

Ղարաբաղի հարցով պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուին, եւ այս պայմաններ կը ստեղծէ արդար հիմքի վրայ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար, այսօր՝ Նոյեմբեր 17-ին յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահը: Վլատիմիր Փութինի խօսքով` այսօր ստեղծուած են պայմաններ ղարաբաղեան ճգնաժամի երկարաժամկէտ եւ ամբողջական կարգաւորման համար, «ընդ որում արդար հիմքի վրայ` հաշուի առնելով Ատրպէյճանցիներու, ինչպէս նաեւ հայերու շահերը»:

Ղարաբաղի մասին այսօր խօսած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը, «Ռուսաստանը կը գործադրէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի թոյլ չտայ վերանայելու Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու ստորագրած համաձայնագիրը»: Այսօր յայտարարած է Սերկէյ Լաւրով, սակայն հրաժարած է յստակ պատասխան տալէ Արցախի կարգավիճակի մասին հարցին։

Ատրպէյճանցի լրագրողը Լաւրովէն խնդրած է մեկնաբանել Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի երէկուայ յայտարարութիւնը այն մասին, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւններու օրակարգին վրայ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հարցն է։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդհանրապէս որեւէ բան չէ ըսած Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին, միայն ըսած է այն, որ Ռուսաստանը պատասխան կու տայ այն համաձայնագրի համար, որ ստորագրուած է, եւ այն կէտերուն համար, որոնք այդ յայտարարութեան մէջ կան։ Յիշեցնենք, որ համաձայնագրին մէջ կարգավիճակի մասին որեւէ բառ չկայ:

Ինչ կը վերաբերի համաձայնագրին ընդհանրապէս, Լաւրով ըսած է․ «Մենք պատասխանատու ենք, ես իմ խօսքերուն համար պատասխան կու տամ, մենք այս պահուն չենք տեսներ այդ յայտարարութիւնը վերանայելու եւ խմբագրելու փորձեր»։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան ղեկավարի խօսքով՝ Մոսկուայի մէջ կը տեսնեն, որ Հայաստանի մէջ այսօր բարդ ներքաղաքական իրավիճակ է, սակայն ընդդիմութեան 16 կուսակցութիւնները, Լաւրովի խօսքով, այսօր կը յայտարարեն, որ չեն պատրաստուիր չեղեալ նկատել այդ յայտարարութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի փախստականներուն եւ հայկական զօրքերու մասին Ատրպէյճանցի լրագրողի հարցին, Լաւրով շեշտած է. «Ատրպէյճանցի եւ հայ փախստականները պէտք է վերադառնան իրենց աւանդական բնակութեան վայրեր»։ Լաւրովի խօսքով` ե՛ւ փախստականներուն եւ հայկական զօրքերու դուրս հանելու մասին համաձայնագիրին մէջ յստակ գրուած է, եւ այս ամէնուն շուրջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները յստակ պայմանաւորուած են։

Աւելցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ այսօր յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին խօսք ընել չի կրնար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment