Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը Պէտք Է Կարգաւորուի Մինսքի Խումբի Ծիրէն Ներս, Կը Շեշտէ Փոմփէօն

Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը Պէտք Է Կարգաւորուի Մինսքի Խումբի Ծիրէն Ներս, Կը Շեշտէ Փոմփէօն

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն ֆրանսական Le Figaro օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին։ Նախօրէին ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը ֆրանսական մայրաքաղաքն էր, ուր հանդիպումներ ունեցած է նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ:

«Միացեալ Նահանգները Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի հետ կը հանդիսանան Մինսքի խումբի համանախագահներ, որու գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումն է։ Այդ շրջանակներուն մէջ պէտք է կարգաւորուի իրավիճակը», – Le Figaro-ի հետ զրոյցի ենթացքին շեշտած է Փոմփէօն: Պետական քարտուղարը յատուկ ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն մտահոգուած է Թուրքիոյ ռազմական ներուժի աճի կապակցութեամբ։

«Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը եւ ես համակարծիք ենք, որ Թուրքիոյ վերջին գործողութիւնները թշնամական էին», – ըսած է պետական քարտուղարը՝ մատնացոյց ընելով ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ Անգարայի ռազմական գործողութիւնները Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովին մէջ։

«Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է համատեղ աշխատին՝ համոզելու Էրտողանը, որ նման քայլերը չեն բխիր իր ժողովուրդի շահերէն», – ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը։

Փարիզի մէջ ֆրանսական իշխանութիւններու հետ քննարկումներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պատմած են ամերիկեան Պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները։ Լրագրողներու հետ հարցուպատասխանի սղագրութիւնը հրապարակուած է ԱՄՆ Պետական գրասենեակի պաշտօնական կայքէջով։

Աղբիւրի համաձայն՝ Փոմփէօն Մաքրոնի եւ Լը Տրիանի հետ մանրակրկիտ քննարկումներ ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդներ՝ Փարիզն ու Ուաշինկթընը Մոսկուայէն աւելի շատ յստակութիւն կ’ակնկալեն Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարի եւ պայմանաւորուածութիւններու, ինչպէս նաեւ այդ գործընթացին Անգարայի դերակատարութեան վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment