Վարչապետը որոշում կայացուցած է արտաքին գործոց նախարարին պաշտօնէն ազատելու մասին: Այդ մասին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց այսօր՝ Նոյեմբեր 16-ին Ազգային ժողովէն ներս՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն:
Յայտարարութենէն րոպէներ անց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Աննա Նաղտալեան դիմատետրի գրառմամբ տեղեկացուց, որ Զօհրապ Մնացականեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:
Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար նշանակուած է Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ՝ 2018 թուականի Մայիս 12-ին: