Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կայացած է Մաքրոն-Փաշինեան Հերթական Հեռախօսազրոյցը

Կայացած է Մաքրոն-Փաշինեան Հերթական Հեռախօսազրոյցը

by MassisPost

Երէկ՝ Նոյեմբեր 13-ին կայացած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնի հեռախօսազրոյցը:

Մաքրոն տեղեկացուցած է նոյն օրը Էլիզէ պալատին մէջ Ֆրանսայի մարդասիրական ջանքերը միաւորելու  ուղղուած՝ իր կողմէ հրաւիրուած ժողովի մասին:

«Նախագահը իր գոհունակութիւնը յայտնած է մարտերու դադրեցման կապակցութեամբ եւ վերահաստատած է իր բարեկամութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր կողմերու համար արդար, կայուն եւ ընդունելի քաղաքական լուծում կառուցելու իր պատրաստակամութիւնը», – ըսուած է Էլիզէ պալատի հաղորդագրութեան մէջ, զոր տարածած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment