Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շուրջ 20 Մարդ Ձերբակալուած Է Զանգուածային Անկարգութիւններու Համար

Շուրջ 20 Մարդ Ձերբակալուած Է Զանգուածային Անկարգութիւններու Համար

by MassisPost

Շուրջ 20 մարդ ձերբակալուած է օրերս ռազմական դրութեան պայմաններուն կառավարութեան, Ազգային ժողովի եւ այլ պետական կառոյցներու, հասարակական վայրերու մէջ բռնութիւն գործադրելով, ջարդ կատարելով, գոյք ոչնչացնելով, վնասելով կամ իշխանութեան ներկայացուցչին զինուած դիմադրելով զանգուածային անկարգութիւններու համար:

Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու միջեւ ստորագրուած աւելի քան 40 օր երկարող պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութեան հրապարակումէն ետք խումբ մը անձեր ծեծի ենթարկեցին Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը: Նաեւ

Ներխուժած էին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի երեւանեան գրասենեակը:

Ե՛ւ Ազգային ժողովի նախագահի ծեծը, եւ՛ «Ազատութիւն»ի գրասենեակի դէմ յարձակումը կը քննուին այս գործի ծիրէն ներս։

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ զանգուածային անկարգութիւններու մասնակիցներու կողմէն հնչած են ինչպէս իշխանութեան ներկայացուցիչներու օրինական պահանջներուն աշխուժօրէն չենթարկուելու կամ անձերու նկատմամբ բռնութիւն կիրառելու կոչեր, այնպէս ալ իշխանութիւնը զաւթելուն, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր, ինչի հետեւանքով վտանգուած է հասարակական անվտանգութիւնը, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բնականոն գործունէութիւնը:

ԱԱԾ-ն նաեւ կը հաղորդէ, որ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքներ հնչած են նաեւ կառավարութեան անդամներու եւ վարչապետի նկատմամբ: Յարուցուած է քրէական գործ քրէական օրէնսգրքի քանի մը յօդուածներով:

ԱԱԾ-ն կը հաղորդէ նաեւ, որ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած են ընդհանուր թիւով շուրջ 20 անձեր: Կը շեշտուի, որ հանրութեան իրենց անկարգութիւններով արդէն իսկ յայտնի այդ անձանց մեծ մասը զղջացած է կատարուածին համար, տրամագծօրէն փոխած վարքագիծը եւ ինքզինք դրսեւորած որպէս օրինապաշտ քաղաքացի։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, կոչ ընելով պահպանելու ռազմական դրութեան իրաւական ռեժիմը, կը յայտնէ նաեւ, որ կը ձեռնարկուին օփերաթիւ-հետախուզական միջոցառումներ, կատարուած են դէպքի վայրերու զննութիւններ, անյետաձգելի քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ, նշանակուած են տարբեր փորձաքննութիւններ եւ հարցաքննուած են բազմաթիւ վկաներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment