Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան կը Շեշտէ, որ Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Պէտք Է Երաշխաւորէ «Ղարաբաղի Բնակչութեան Անվտանգութիւնն Ու Նկրտումները»

Ֆրանսան կը Շեշտէ, որ Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Պէտք Է Երաշխաւորէ «Ղարաբաղի Բնակչութեան Անվտանգութիւնն Ու Նկրտումները»

by MassisPost

Էլիզէ պալատը յայտարարած է, թէ կ’ուսումնասիրէ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, միաժամանակ ընդգծած է, որ որեւէ պայմանաւորուածութիւն պէտք է երաշխաւորէ «Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնն ու նկրտումները»։

«Անհրաժեշտ է անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ հակամարտութեան տեւական լուծումը գտնելու համար, որ թոյլ կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մնալու իրենց բնակավայրերը, տեղահանուած տասնեակ հազարաւորներուն ալ` վերադառնալու իրենց տուն»,- յայտարարած է Էլիզէ պալատը, աւելցնելով. «Ֆրանսան այս ծանր պահուն կանգնած է Հայաստանի ժողովուրդի կողքին»։

Ըստ «Ֆրանսփրեսի», նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը միաժամանակ կոչ ըրած է Թուրքիոյ վերջ տալու իր սադրանքներուն, «որեւէ քայլ չընել, որ կարող է վնասել տեւական խաղաղութեան հնարաւորութեան»։ «Խնդրի տեւական լուծումը պէտք է «պաշտպանէ Հայաստանի շահերը»,- ընդգծած է Ֆրանսայի առաջնորդը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment