Անընդունելի եւ դատապարտելի է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ կիրառուած բռնութիւնը ու այն ալ` երբ երեխան եղած է ինքնաշարժին մէջ, յայտարարած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը՝ մաղթելով խորհրդարանի խօսնակին շուտափոյթ ապաքինում:
«Դատապարտելի է այն, որ յարձակման է ենթարկուել «Ազատութիւն» ռատիոկայանի երեւանեան գրասենեակը: Ինչպէս վկայում են այս պահի տուեալները, տեղի է ունեցել լրատուամիջոցի գոյքի ու սարքաւորումների նկատմամբ յարձակման փորձ, ինչպէս նաեւ ըստ այս պահի տուեալների՝ յարձակում է եղել լրատուամիջոցի աշխատակիցների նկատմամբ», – ըսուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յայտարարութեան մէջ: «Բացի այն, որ նման արարքները օրէնքով արգիլուած են, այս դժուար օրերուն լրատուամիջոցները կարեւորագոյն գործառոյթներ են կատարում», – կը շեշտէ Արման Թաթոյեան:
«Այս դժուար օրերին պէտք է ուղղակի բացառել իրար նկատմամբ բռնութեան որեւէ դէպք, պէտք է բացառել անգամ բռնութեան որեւէ կոչ կամ հնարաւորութիւն։ Դա միայն աւելացնում է լարուածութիւնը: Այս ճակատագրական օրերին մեզ առաւել, քան երբեւէ անհրաժեշտ է համերաշխութիւն ու համախմբուածութիւն», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Իւրաքանչիւրս պէտք է գիտակցենք ամէն պահ, որ մենք ունենք պետութիւն, որտեղ գործում են օրէնքներ ու մեր պետութիւնում կան պատասխանատու մարմիններ, որոնք պարտաւոր են գործել այդ օրէնքներին ու իրաւունքին համապատասխան: Մեր այդ պետականութիւնն են հիմա պաշտպանում մեր հերոս զինուորները սահմանին», – յայտարարած է Արման Թաթոյեան: