Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Վարչապետի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսաստանի Նախագահներու Ստորագրած Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Վարչապետի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսաստանի Նախագահներու Ստորագրած Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ստորագրած յայտարարութիւնը:

«Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Ն․Վ․ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Ի.Հ. Ալիեւը եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վ․Վ․ Փութինը յայտարարեցինք հետեւեալը.

  1. 2020 թուականի 10 նոյեմբերի Մոսկուայի ժամանակով 00:00-ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ կը յայտարարուի ամբողջական հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու աւարտի մասին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, այսուհետ՝ կողմեր, կանգ կ’առնեն իրենց գրաւած դիրքերը:
  2. Աղդամի շրջանը կը վերադարձուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մինչեւ 2020 թուականի 20 նոյեմբերը:
  3. Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը տեղակաիւի Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ՝ 1960 զինծառայող կրակային զէնքով, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր մեքենայ եւ յատուկ զրահամեքենայ:
  4. Հայկական զինուած ուժերու դուրս ելլելուն զուգահեռ կը տեղակաիւի Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը: Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրամիաւորման մնալու տեւողութիւնը 5 տարի է` հետագայ 5-ական տարիներով ինքնաբեր երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն մէկը ժամկէտի աւարտէն 6 ամիս առաջ չի յայտարարեր սոյն դրոյթի կիրառումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին:
  5. Հակամարտութեան կողմերու կողմէն համաձայնագիրներու կատարման վերահսկողութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով հրադադարի ռեժիմը վերահսկելու համար կը ստեղծուի խաղաղապահ կեդրոն:
  6. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի 15 նոյեմբերը, իսկ Լաչինի շրջանը՝ մինչեւ 2020 թուականի 1 դեկտեմբերը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ կ’ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ եւ միեւնոյն ժամանակ չի շօշափեր Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերու համաձայնութեամբ, առաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին կ’որոշուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որ կ’ապահովէ կապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, հետագային այդ երթուղին պաշտպանելու համար ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը տեղափոխուի այնտեղ: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ’երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկի անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով:
  7. Ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից տարածքներ:
  8. Տեղի կ’ունենայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձանց ու մահացողներու մարմիններու փոխանակում:
  9. Տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը կ’ապաշրջափակուին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’երաշխաւորէ փոխադրական կապերու անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու համար: Փոխադրական հաղորդակցութեան հսկողութիւնը կ’իրականացնեն ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառաիւթեան (ԱԴԾ) Սահմանապահ ծառաիւթեան մարմինները: Կողմերու համաձայնութեամբ կ’ապահովուի նոր փոխադրական հաղորդակցութիւն, որ կը կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment