Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչ Ընել

Ի՞նչ Ընել

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Ահռելի ծանր սրտով է, որ գրի կ’առնենք մեր այս խորհրդածութիւնները, ժամեր առաջ յայտարարուած Արցախեան պատերազմի համաձայնութեան խորապէս ճնշիչ ազդեցութեան տակ: Ապշանք, հիասթափութիւն, մերժում, ժխտում, զայրոյթ, ընդվզում, զգացումներու ահաւոր խառնիճաղանճ մը կը ճնշէ մեր սրտին վրայ: Այս վիճակէն դուրս գալու թերեւս ամենահեշտ միջոցը պիտի ըլլար պատասխանատու մարդկանց այպանելը եւ զանոնք դաւաճանութեամբ մեղադրելը: Եթէ սրտի թեթեւութիւն կ’ուզենք, ուրեմն տրուինք մեր զգացումներուն եւ պարպենք մեր սիրտը մօտ ու հեռու դաւաճաններու վրայ: Բայց այդպիսի մօտեցում մը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ բուն խնդրի լուծման եւ նոյնիսկ կրնայ ժխտական հետեւանքներ ալ ունենալ, պառակտելով մեր ժողովուրդը եւ բարդացնելով մեր վնասները: Մինչ եթէ փորձենք անսալ մեր մտքին ու սառ դատողութեամբ քննականօրէն հաշուարկել իրավիճակը, այդպիսով կրնանք սահմանափակել մեր կորուստները: Բնականաբար այս երկրորդը շատ աւելի դժուար է: Բայց մեր քաղաքական եւ մտաւորական ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ գործիչները անմիջապէս պէտք է լծուին այս վիթխարի աշխատանքին: Սպասելի է, որ անոնք այպանուին զուտ զգացումներէ տարուած ամբոխին կողմէ, ինչպէս նաեւ պատեհապաշտ գործիչներու կողմէ, բայց պէտք չէ ընկրկիլ: Մենք անձնապէս ենթարկուած ու յաղթահարած ենք այդ փորձառութիւնը, երբ 1990-ականներուն համայնքիս թերթերէն մին դաւաճանի պիտակը «շնորհեց» մեզի:

Որպէսզի համոզուինք, որ այսպիսի զարգացումներ սպասելի են կորուստներու յետնօրեակին, խօսքը տանք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. Վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի, որ նկարագրելով 1915-1916 թուականներու «ընդհանուր սուգի ու յուսահատութեան շրջան»ը, կը գրէ. «Զայրացած ու սարսափած, որոնեցինք յանձաւորներին ու գտանք իսկոյն. Ռուս կառավարութեան նենգ քաղաքականութիւնը: Քաղաքականապէս տհաս ու մտքով անհաւասարակշռուած մարդկանց յատուկ անհետեւականութիւնով, մի ծայրայեղութիւնից ընկանք անմիջապէս հակառակ ծայրայեղութեան մէջ: Որքան կոյր ու անհիմն էր մեր երեկուայ հաւատը ռուս կառավարութեան հանդէպ, նոյնքան կոյր ու անհիմն էր այսօրուայ մեղադրանքը: …Գանգատուել դառնօրէն չար բախտից ու մեզանից դուրս որոնել մեր դժբախտութիւնների պատճառը, սա եւս մեր ազգային հոգեբանութեան բնորոշ գծերից մեկն է… ինքներս այնքան միամիտ ու անհեռատես ենք եղել, որ դրել ենք մեզ (կամ թոյլ ենք տուել դնելու) այնպիսի դրութեան մէջ, որ ամէն ցանկացող կարողանայ խաբել, լքել, դաւաճանել, կոտորել կամ կոտորել տալ մեզ:»

Ուրեմն մեր կրած կորուստին համար, ամբոխը բնականաբար յանձաւոր պիտի գտնէ Փաշինեանը, զայն որակելով դաւաճան: Մարդիկ նոյնիսկ պիտի «երանի տան» Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեանը: Զգացումներու տրուած «տաք» գլուխներու մտածելակերպ է այս: Սառ դատողութեան տէր մարդիկ պիտի նկատի ունենան հետեւեալ կէտերը, նախքան որեւէ վճիռ արձակելը:

1994-էն ի վեր ԵԱՀԿ-ի որոշումները կը պարտադրէին մեզ քաշուիլ ծանօթ 5 + 2 շրջաններէն:

Քոչարեան/Սարգսեան զոյգը համաձայն ըլլալով հանդերձ այս իրողութեան, կը ձգձգէին որեւէ քայլ առնել, իրենցմէ ետք եկող իշխանութեան մը վրայ բարդելով այդ պատասխանատուութիւնը:

Անոնք իրենց իշխանութեան 20 տարիներու ընթացքին ականատես էին Ազրպէյճանի միլիարդաւոր տոլարներու հասնող սպառազինութեան, որոնք կը սպառնային մեր ապահովութեան եւ պատեհ առիթով բնականաբար պիտի գործածուէին մեզի դէմ:

Անոնք միլիարդաւոր տոլարներու հասնող թալանի տէր դառցան, բայց Հայկական բանակը պահեցին Սերժ Սարգսեանի իսկ խոստովանութեամբ՝ 80-ականներու զէնքերով:

Փաշինեանի իշխանութեան 2 կարճ տարիներու ընթացքին, բացայայտուեցաւ հայկական բանակի զինուորներուն օրապահիկ ճաշի հաշւոյն հարստացած գեներալներու ահաւոր իրականութիւնը:

Փաշինեանի իշխանութեան 2 կարճ տարիներու ընթացքին, զինուորներուն որակաւոր ճաշ սկսաւ տրամադրուիլ:

Փաշինեանի իշխանութեան 2 կարճ տարիներու ընթացքին, բանակի սպառազինութիւնը մեծապէս աճեցաւ:

Բոլորի համար յստակ է, որ հայկական բանակը պատերազմեցաւ ոչ թէ միայն Ազրպէյճանի բանակին եւ ներմուծուած ահաբեկիչներու դէմ, այլ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակը ունեցող Թուրքիոյ դէմ եւ 44 օրեր դիմադրեց, երբ հաշիւ եղած էր, որ այս պատերազմը միայն քանի մը օրուան հարց էր:

Երբ մեր կորուստի պատասխանատուները կը փնտռենք, հարկ է ի մտի ունենալ վերեւի գլխաւոր կէտերը, որպէսզի շինիչ քննադատութեամբ կարենանք մեր թերացումներուն հաշուարկը ընել եւ ըստ այնմ դասեր քաղել: Մեր դժբախտութիւնը հոն է, որ պատեհապաշտ ղեկավարներ ազգային շահը կը զոհեն իրենց սեպհական շահերուն համար, ազգը մատնելով կորուստներու: Անցնող 30 տարիներու ընթացքին, մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնէն օրինակներ բերելով, շատ մը անգամներ շեշտած ենք պատմութիւնէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի չկրկնենք անցեալի սխալները, բայց դժբախտաբար այս մոլութիւնն ալ մեր ազգային հոգեբանութեան բնորոշ գիծերէն մին ըլլալով, տուժած ենք եւ կը տուժենք: Այս մասին աւելի մանրամասն կ’անդրարառնանք մեր յաջորդ յօդուածով:

Յ.Գ. Հաւանական է, որ մեր այս յօդուածը չարաշահուի տարբեր նպատակներով: Բայց մեր խորհրդածութիւնները անմիջապէս թուղթին կը յանձնենք, առանց սպասելու գալիք օրերու զարգացումներուն, հաստատ մնալով մեր համոզումին վրայ, որ անկեղծ ու անշահախնդիր երկխօսութեամբ միայն կարելի է հասնիլ ազգին շահաւետ լուծումներու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment