Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեանը Յայտարարած Է՝ «Ստիպուած Են» Եղած Կայացնել Երէկուայ Որոշումը

Արայիկ Յարութիւնեանը Յայտարարած Է՝ «Ստիպուած Են» Եղած Կայացնել Երէկուայ Որոշումը

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ «ստիպուած են» եղած կայացնել երէկուայ՝ Նոյեմբեր 9-ի որոշումը՝ ռազմական իրավիճակով պայմանաւորուած։ Տեղեկացնելով, որ քննարկումներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետի, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի հետ ու ստացած պատգամաւորներու գերակշիռ մեծամասնութեան համաձայնութիւնը, Յարութիւնեան գիշերը տեղեկացուցած էր, որ ինքն ալ տուած է իր համաձայնութիւնը ժամ առաջ դադրեցնելու պատերազմը:

Ըստ Արցախի նախագահի՝ Շուշիի նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութիւնը կորսնցուցած են նոյեմբեր 7-ին, եթէ մարտական գործողութիւնները շարունակուէին նոյն ընթացքով, օրերու ընթացքին կը կորսնցնէին նաեւ ողջ Արցախը. – «43 օր մարտական գործողութիւնների արդիւնքում մենք կորցրել ենք Ֆիզուլիի շրջանը, Ջաբրայիլի շրջանը, Կուբաթլուի, Զանգելանի, Հատրութի շրջանը հիմնականում, Մարտունի շրջանից ինչ-որ մաս, Ասկերանի շրջանից եւ ամենագլխաւորը` Շուշին: Մարտերն ընթանում էին Ստեփանակերտի մատոյցներում` 2-3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Եթէ շարունակուէին այդ ընթացքով մարտական գործողութիւնները, օրերու ընթացքին մենք կը կորցնէինք ամբողջ Արցախը, կ’ունենայինք շատ աւելի զոհեր»:

Յարութիւնեան, խօսելով եռակողմ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած յայտարարութեան մասին, քանի մը ժամ առաջ ըսած էր, որ անոր առաւել մանրամասն կ’անդրադառնայ աւելի ուշ։ Առաւօտեան, սակայն, դիմատետրի ուղիղ հեռարձակման ժամանակ չյստակացնելով, յայտարարեց, թէ ամէն ինչ դեռ առջեւն է, անով ոչ թէ կ’աւարտի, այլ կը սկսի ամէն ինչ։ Տեղեկացուց, որ Արցախի քաղաքական ու ռազմական գործիչներու հետ խորհրդակցութիւններ սկսած է, ան իր նախկին պաշտօնակիցներու անունները տուաւ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար՝ Վիթալի Բալասանեանինը։ Վերջին օրերուն Բալասանեան Հայաստանի վարչապետի ու անոր գլխաւորած կառավարութեան օր առաջ հեռացումը պահանջողներէն է։

Դիմատետրի վերջին հեռարձակման ընթացքի քննարկումներէն փակագծեր չբացաւ, ըսելով, թէ քայլերու մասին առաջիկային կը տեղեկացնէ. – «Մենք չենք պարտուել, եկել ենք մի համաձայնութեան, որ պէտք է ցանկացած որոշում կայացնելուց առաջ, իսկ մեր որոշումները դեռ առջեւում են, պէտք է միասին կատարենք: Ես նշեցի, որ սկսել եմ խորհրդակցութիւններ եւ բոլորի հետ քննարկելուց յետոյ կը ներկայացնենք: Ի դէպ, վերջին մի քանի օրերին յաճախակի քննարկումներ եմ ունեցել, եւ բոլորն էլ միակարծիք էին` փորձել ժամանակաւոր, թէ մշտական զինադադար ունենալ, բոլորն անխտիր»:

Արցախի քաղաքական ուժերը այս պահուն ձեռնպահ կը մնան գնահատականներէն, մասնաւորապէս խորհրդարանական «Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն Դաւիթ Իշխանեան «Ազատութիւն»ին հաղորդեց, որ կուսակցութիւններով քննարկումներ կը կատարեն եւ աւելի ուշ հրապարակային յայտարարութիւն կ’ընեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment