Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտը Հրթիռակոծուած Է Քասեթային Ռումբերով

Ստեփանակերտը Հրթիռակոծուած Է Քասեթային Ռումբերով

by MassisPost

Այսօր՝ Նոյեմբեր 6-ի վաղ առտուընէ Ստեփանակերտն ու Շուշին կրկին կրակի տակ են: Ինչպէս հաղորդեց Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը (ԱԻՊԾ), Ստեփանակերտին հարուածներ կը հասցուին քասեթային ռումբերով:

Օրուայ ընթացքին քաղաքին մէջ անդադար միացուած էր տագնապի ազդանշանը: Հարուածները կը յաջորդէին մէկը միւսին:

stepanakert-2

Ստեփանակերտը գիշերուայ ընթացքին նաեւ հրթիռակոծուած է: Հրթիռը ինկած է բնակելի տան մը վրայ, զոհուած է քաղաքացիական 3 անձ։

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս պահուն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի հրթիռակոծութիւններու հետեւանքներով տուժողներուն մասին տուեալներ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment