Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պունտեսթակի Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնը Կը Պահանջէ Արգիլել «Գորշ Գայլեր»-Ու Գործունէութիւնը

Պունտեսթակի Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնը Կը Պահանջէ Արգիլել «Գորշ Գայլեր»-Ու Գործունէութիւնը

by MassisPost

Պունտեսթակի ընդդիմադիր Ձախ կուսակցութեան պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէնը հանդէս եկած է Գերմանիոյ տարածքին «Գորշ գայլեր» խմբաւորման գործունէութեան կասեցման պահանջով:

«Դաշնային կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ հետեւի Ֆրանսայի օրինակին եւ արգիլէ այս երկրին մէջ «Գորշ գայլեր»ու հովանոցային կազմակերպութեան՝ Գերմանիոյ դեմոկրատական ազգայնական թրքական միութիւններու ֆետերացիայի (ADÜTDF) գործունէութիւնը »,-նշած է Ձախ կուսակցութեան պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէնը:

Տաղտելէնը նշած է, որ քիւրտերու, հայերու, ալեւիներու, յոյներու եւ հրեաներու դէմ սադրանքներ հրահրելով անոնք Գերմանիոյ մէջ կը ծառայեն հասարակութեան բեւեռացման եւ մասնատման: «ADÜTDF»- ը ծայրայեղ աջակողմեան, ծայրայեղ ազգայնական խոշոր կազմակերպութիւն է, տարբեր գնահատականներով ունի մօտաւորապէս 7 հազար անդամ:

«Թուրքիոյ մէջ «Գորշ գայլեր»ը իշխանութեան դաշնակից գործընկեր՝ աջակողմեան թրքական կուսակցութեան՝ «Ազգայնական շարժման» հետ միասին սերտ կապեր ունին ահաբեկիչ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի շրջապատին հետ: Իսլամիստական եւ ֆաշիստական կազմակերպութիւններու նկատմամբ պէտք է զէրոյական հանդուրժողականութիւն ըլլայ մեր երկրին մէջ: Ատոր համար պէտք է հետեւինք Ֆրանսայի օրինակին»,-«Արմէնբրէս»ի հաղորդմամբ՝ աւելցուցած է Տաղտելէնը:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալ Մուսա Տարմանէն 4 Նոյեմբեր 2020-ին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի մէջ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը պաշտօնապէս արգիլուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment