Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կասեցուած են Շուշիի Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Գրոհային Խումբերու Բազմակի Յարձակման Փորձերը

Կասեցուած են Շուշիի Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Գրոհային Խումբերու Բազմակի Յարձակման Փորձերը

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ աւելի քան մէկ ամիս երկարող պատերազմի հերթական գիշերը ռազմաճակատի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով մարտական գործողութիւնները շարունակուած են:

«Շուշիի մերձակայքում մարտերը շարունակուում են, հայկական ուժերը ողջ օրուայ ընթացքին մարտերու մէջ են ատրպէյճանական ներթափանցող խմբերի հետ», – «Ազատութիւն»ին հաղորդեց Արցախի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդական Դաւիթ Պապայեան։ – «Նրանք փորձում են առաջ գալ, մերոնք էլ թոյլ չեն տալիս։ Դեռեւս օրը չի վերջացել, որովհետեւ հրթիռակոծուել է եւ կարող է շարունակուել, եւ ըստ ամենայնի, շարունակուելու է Ստեփանակերտի հրթիռակոծումը։ Օրը ծանր էր շատ», – աւելցուց Պապայեան։

Օրեր առաջ Արցախի նախագահը ուղիղ եթերով յայտնեց, որ ատրպէյճանական զինուժը Շուշիէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Ըստ հայկական կողմին, Ատրպէյճանի ներթափանցող խումբերը Շուշիի մօտակայ անտառներն են։

Այսօր՝ Նոյեմբեր 6-ի առաւօտեան Պաշտպանութեան բանակը հաղորդած է, որ կասեցուած են Շուշիի ուղղութեամբ ատրպէյճանական գրոհային խումբերու բազմակի յարձակման փորձերը, ատրպէյճանական կողմը լուրջ կորուստներ կրած է նաեւ հարաւ-արեւմտեան՝ Բերձորի հատուածին մէջ:

Երէկ երեկոյեան հերթական մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան անդրադառնալով ռազմական իրավիճակին՝ խօսած էր Շուշիի մերձակայքը գտնուող ատրպէյճանական ներթափանցող խումբերու գործողութիւններէն․ – «Վերջիններս հիմնականում, հանդիպելով մեր Զինուած ուժերի տարբեր ստորաբաժանումների դիմադրութեանը, հանգուցային կէտերի պահակակէտերին, պաշտպանութեան ստորաբաժանումներին, երկարատեւ մարտի չեն բռնուում։ Օրուայ ընթացքում յաջողուել է մի քանիսին օղակել եւ ոչնչացնել՝ կորուստներ պատճառելով շպրտել տուեալ բնագծերից»։

Ատրպէյճանական ուժերը շարունակում են թիրախաւորել նաեւ քաղաքացիական կառոյցները՝ խախտելով մարդասիրական միջազգային իրաւունքի նորմերը, կը յայտարարէ Դաւիթ Պապայեան․ – «Այո, էդպէս է։ Սա եւս մէկ անգամ մեզ ապացուցում է ինչ է աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ ինչ է միջազգային քաղաքականութիւնը առհասարակ։ Եւ սա կեանքն է․․․ Ոչ մի միջազգային կազմակերպութիւն, մենք տեսանք նրանց գործողութիւնները, արձագանգները, մի երկու հատ յայտարարութիւն եւ վերջ․․․»

«Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր են վարել եւ ատրպէյճանական ուժերին ռազմամեքենայի ու մարդկային մեծաթիւ կորուստներ պատճառել արեւելեան, հարաւային ու հարաւ-արեւմտեան հատուածներում»,- առաւօտեան հաղորդած էր Պաշտպանութեան բանակը։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հերթին կը յայտնէ Մարտակերտի, Աղդամի, Մարտունիի եւ Քուպաթլուի ուղղութեամբ ընթացող մարտական գործողութիւններուն մասին։

Կողմերը զիրար կը մեղադրեն խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելու համար։ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ այսօր՝ Նոյեմբեր 6-ին, ատրպէյճանական ուժերը հրթիռահետանային հարուածներ հասցուցած են նաեւ Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն: Քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կան զոհեր եւ տուժողներ:

«Յարձակողական գործողութիւններն ատրպէյճանական ուժերի կողմից ճակատային գծի բոլոր ուղղութիւններում շարունակուում են: Բանակային ստորաբաժանումները լիարժէք կերպով վերահսկում են օփերաթիւ-մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր են ձեռնարկում ատրպէյճանական ուժերի հետագայ յայտնաբերման եւ կրակային խոցման ուղղութեամբ», – կը հաղորդէ հայկական կողմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment