Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՄ-ն Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Թուրքիոյ Նկատմամբ Պատժամիջոցները

ԵՄ-ն Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Թուրքիոյ Նկատմամբ Պատժամիջոցները

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովին մէջ անօրինական գործունէութեան համար եւ սպառնացած նոր պատժամիջոցներ կիրառել Անգարայի նկատմամբ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը, այս մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Այսօր Խորհուրդը որոշած է մէկ տարիով` մինչեւ 2021 թուականի Նոյեմբեր 12-ը երկարաձգել Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովին մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի գործունէութեան ի պատասխան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ այս պահուն Թուրքիոյ գծով սեւ ցուցակին վրայ կայ երկու մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment