Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճիհատիստներու Տեղափոխումը ԼՂ Կարող է Յանգեցնել Անդրկովկասի Մէջ Ահաբեկչական Տարածքի Առաջացման, Յայտարարած է Զախարովան

Ճիհատիստներու Տեղափոխումը ԼՂ Կարող է Յանգեցնել Անդրկովկասի Մէջ Ահաբեկչական Տարածքի Առաջացման, Յայտարարած է Զախարովան

by MassisPost

Մերձաւոր Արեւելքէն Լեռնային Ղարաբաղ ջիհատիստներու տեղափոխումը կարող է յանգեցնել Անդրկովկասի մէջ ահաբեկչական տարածքի առաջացման։ Այս մասին այսօր՝ Նոյեմբեր 5-ին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

Զախարովան ընդգծած է, որ կան տեղեկութիւններ այն մասին, որ այսօր միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամները Մերձաւոր Արեւելքէն կը տեղափոխուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի։ Խօսքը ծայրայեղ տրամադրուած վարձկաններու մասին է։

Անոնք, Զախարովայի խօսքով, կը դաւանին ճիհատիզմի գաղափարախօսութիւնը. «Այս ամէնը չի կարող մեր մօտ լուրջ մտահոգութիւններ չառաջացնել, քանի որ հեռանկարին վրայ, իրավիճակի նման զարգացումը յղի է նոր ահաբեկչական տարածքի առաջացմամբ այժմ արդէն Անդրկովկասի մէջ»։

Այսօր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարարութիւնը հերթական անգամ կոչ ըրած է թոյլ չտալ արտաքին ուժերու միջամտութիւնը ռազմական գործողութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Աւանդական արտաքին գործոց նախարարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան աւելցուցած է նաեւ․ «Մէկ շաբթուայ ասուլիսին այսօր Ռուսաստանի ընթացքին իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուած մնացած է, արձանագրուած են փոխադարձ գնդակոծութիւններ կողմերու շփման գիծի ողջ երկայնքով։ Թիրախ դարձած են նաեւ քաղաքացիական կառոյցները։ Մենք կողմերուն կոչ կ’ընենք ցուցաբերել ծայրայեղ զսպուածութիւն, խուսափիլ քաղաքացիական բնակչութեան հարուածներէն, թոյլ չտալ արտաքին ուժերու միջամտութիւնը»։

Զախարովայի խօսքով՝ անհրաժեշտ են գործնական քայլեր կրակի դադրեցման եւ լարուածութեան թուլացման համար, հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն վերադառնալու համար։ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յիշեցուցած է նաեւ, որ այդ համաթեքսթով Նոյեմբեր 1-2-ին Ռուսաստանի նախագահը ինտենսիվ բազմաթիւ բանակցութիւններ կատարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ:

Երէկ երեկոյեան, ղարաբաղեան խնդիրը Ռուսաստանի նախագահը քննարկած է Պելառուսիոյ նախագահի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment