Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Զօհրապ Մնացականեանին, Այժմ Գերակայ Հարցերէն Է Հրադադարի Պահպանման Ստուգում Կատարելը

Ըստ Զօհրապ Մնացականեանին, Այժմ Գերակայ Հարցերէն Է Հրադադարի Պահպանման Ստուգում Կատարելը

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեանի հաղորդմամբ, հրադադարի պահպանման դիտարկման մեքենականութիւնների ներդրման հետ կապուած աշխատանքները կը շարունակուին։

Մնացականեան այսօր՝ Նոյեմբեր 5-ին, Ազգային ժողովէն ներս կը մասնակցէր գալիք տարուայ պիւտճէի նախագիծի քննարկումներուն։

« Դիտարկման համակարգի ներդրումը հնարաւորութիւն կու տայ առաւել արդիւնաւէտ իրականացնել այդ գործառոյթը։ Այդ առումով նոյնպէս այսօր աշխատանքները կատարուում են, եւ մեզ անհրաժեշտ է դրան հասնել», – Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ արտաքին գործոց նախարարարը։

Ըստ Մնացականեանին, այժմ այդ գերակայ հարցերէն է, քանի որ Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ կողմէ ուղղորդուելով, մինչեւ օրս կը խախտէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ զինադադար հաստատելու ուղղութեամբ աշխատանքները չեն շարունակուիր․ – «Դրանից չի բխում, որ մենք դադարելու ենք աշխատել զինադադար ամրագրելու ուղղութեամբ, եւ ոչ միայնակ, այլ նաեւ համանախագահների հետ միասին։ Հիմքում դրուած են այն չորս կէտերը, որոնք արտայայտուած են Հոկտեմբեր 10-ի համատեղ յայտարարութեան մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment